Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԿԸՀ-ն Կ’ուսումնասիրէ Նիկոլ Փաշինեանի Նախընտրական Առաջարկը

ԿԸՀ-ն Կ’ուսումնասիրէ Նիկոլ Փաշինեանի Նախընտրական Առաջարկը

by MassisPost

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կ’ուսումնասիրէ «Ելք» դաշինքի Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի խոստումը: Վերջինս կը խոստանայ ընտրուելու պարագային մայրաքաղաքի պիւտճէէն 15 հազարական դրամ յատկացնել այն քաղաքացիներուն, որոնք կը հրաժարին ընտրակաշառքէն:

Ինչպէս «Ազատութեան» տեղեկացուցած է ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը, ուսումնասիրութենէն ետք յանձնաժողովը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ, եւ եթէ պարզեն, որ այդ խոստումը հակաօրինական է, պիտի ձեռնարկուին համապատասխան միջոցներ:

Փաշինեանի նախընտրական այս խոստումը դարձած է ընդդիմադիրներու քննադատութեան թիրախ: «Երկիր Ծիրանի կուսակցութեան» քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոսթանճեանի պնդմամբ, Փաշինեանի առաջարկը եւս ընտրակաշառք է, ինչը քրէօրէն հետապնդելի արարք է: Խորհրդարանէն դուրս մնացած ընդդիմադիր «Հայ ազգային գոնկրէս» կուսակցութեան փոխնախագահ Լեւոն Զուրապեանը նոյնպէս չարդարացնէր «Ելք»-ի այս նախաձեռնութիւնը, ընդգծելով՝ կարելի չէ իշխանութեան դէմ պայքարիլ վերջինիս զէնքով՝ փորձելով օրինականացնել ընտրակաշառքը:

Արդեօ՞ք «Ելք»-ը Ընտրական օրէնսգիրքի խախտում թոյլ կու տայ՝ ընտրողին խոստանալով 15 հազար դրամ, յառաջիկային այս հարցի պատասխանը կու տայ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը: Մինչ այդ, «Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնի իրաւախորհրդատու Հերիքնազ Տիգրանեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին պնդած է՝ անգամ եթէ նպատակը ազնիւ է, եւ ցանկութիւն կայ՝ պայքարիլ ընտրակաշառքի դէմ, միեւնոյն է, այն ինչ կ’առաջարկէ Փաշինեանը, Ընտրական օրէնսգիրքի 19-րդ յօդուածի 6-րդ մասի խախտում է, որով կ’արգիլուի կուսակցութիւններուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն քարոզչութեան ընթացքին ընտրողներուն անհատոյց կամ արտօնեալ պայմաններով տալ (խոստանալ) դրամ, սննդամթերք, ապրանքներ կամ մատուցել (խոստանալ) ծառայութիւններ:

Ըստ Տիգրանեանի, առաջին հայեացքով կրնայ թուալ, թէ «Ելք»-ի առաջարկը նպատակ ունի՝ կանխել ընտրակաշառքը, սակայն, կը պարզուի, որ քաղաքական ուժը կ’ուզէ ապօրինութեան դէմ պայքարիլ մէկ այլ հակաօրինական քայլով: «Ոչ թէ ցանկացած պարագայում մենք ձեզ կը տանք, միայն թէ հիմա մի վերցրէք այդ ընտրակաշառքը, այլ կայ պայման՝ երբ մենք կ’ընտրուենք, այդ դէպքում, որպէս օգնութիւն, նրանք, ովքեր չեն վերցրել ընտրակաշառքները, կը գան, դիմում կը գրեն եւ կը ստանան օգնութիւն: Դա նշանակում է, որ տրւում է խոստում՝ իրենց ընտրուելու դէպքում դրամական օգնութիւն տալու վերաբերեալ: Ես կարծում եմ, որ այդ յայտարարութեան մէջ օրինականութեան հետ կապուած խնդիր կայ: Ապօրինութեան դէմ մէկ այլ․․․ այսպէս, շատ աւելի լղոզուած, ոչ ակնյայտ, բայց, ըստ էութեան, դա եւս հակաօրինական պայքարի ձեւ է»,- ըսած է Հերիքնազ Տիգրանեանը:

Մինչդեռ՝ ընտրութիւններու ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանն այլ մօտեցում ունի: Վերջինիս համոզմամբ, այն, ինչ կ’առաջարկէ Նիկոլ Փաշինեանը, թերեւս  ամբոխավարութիւն է, բայց ոչ՝ ընտրակաշառք: Իոաննիսեանի խօսքով, եթէ ամէն խոստում որակենք ընտրակաշառք, ապա այնպէս կը ստացուի, որ կուսակցութիւնները այլեւս չեն կրնար նախընտրական խոստումներ տալ:

«Իմ կարծիքով՝ սա ոչ թէ ընտրակաշառքի խոստում էր, այլ աւելի շատ՝ նախընտրական խոստում: Ինքը խոստանում է, որ ընտրուելու դէպքում, այսպիսի քայլեր կանի: Տարբերութիւնը [Գագիկ Ծառուկեանի տուած խոստումների համեմատ, ինչի համար վերջինս ԿԸՀ-ի կողմից զգուշացուել էր] հիմնականում այն է, որ էս դէպքում իրենք ասում են՝ իրենք դա կ’անեն Երեւանի քաղաքապետարանի լիազօրութիւնների շրջանակում: Ընտրակաշառք կարող էր դիտուել, եթէ դա չի բխում լիազօրութիւններից: Իրենք ասում են՝ եթէ մենք ընտրուենք, մենք կը ստանանք լիազօրութիւններ՝ կառավարելու Երեւան քաղաքի պիւտճէն եւ մենք կը կառավարենք այս կերպ:

Երեւանցիները Մայիսի 14-ին պէտք է որոշեն, թէ Երեւանի մօտ 84 միլիառ դրամի պիւտճէն ինչպէս պէտք է կառավարուի: Էս քաղաքական ուժն ասում է՝ էդ պիւտճէի կառավարման սահմաններում ես սենց բան կանեմ: Հիմա ես ասում եմ՝ ես որ ընտրուեմ, կը բարձրացնեմ բոլորիդ թոշակները 5000 դրամով: Դա նախընտրական խոստու՞մ է, թէ՞ ընտրակաշառք: Իմ ընկալմամբ, դա նախընտրական խոստում է, երբեմն, իհարկէ, փոփուլիզմի վերածուող»,- իր դիրքորոշումը պարզաբանած է Դանիէլ Իոաննիսեանը :

«Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնի իրաւախորհրդատուն, սակայն շեշտած է՝ հաշուի առնելով, որ այս հարցի շուրջ իրաւաբաններու շրջանին միանշանակ մօտեցում չկայ,շատ կարեւոր է լիազօր մարմնի՝ տուեալ պարագային Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի դիրքորոշումը վիճայարոյց այս հարցի առնչութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment