Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Ոստիկանութիւնը Յարձակած է Ռակըպ Զարաքոլուի Հիմնադրած Հրատարակչատան Վրայ

Թրքական Ոստիկանութիւնը Յարձակած է Ռակըպ Զարաքոլուի Հիմնադրած Հրատարակչատան Վրայ

by MassisPost

Թրքական ոստիկանութիւնը 7 Մայիսին յարձակած է յայտնի հրապարակախօս, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած գործիչ Ռակըպ Զարաքոլուի եւ անոր կնոջ՝ Այիշէ Նուր Զարաքոլուի հիմնադրած «Պէլկէ» հրատարակչատան վրայ: Այս մասին յայտնած է թրքական «Demokrathaber.net»-ը:

Շուրջ 40 տարի ընդդիմադիր բովանդակութեամբ գրականութեան լոյս ընծայմամբ զբաղուող «Պէլկէ» հրատարակչատունէն, ոստիկանութիւնը գրաւած է երկու հազար գիրք: Թէպէտ ոստիկանական աշխատակիցները յայտնած են, որ «Պետութիւն չունեցող քիւրտեր» եւ «Մահէն աւելի դժուար որոշումներ» գիրքերը հաւաքելու որոշում ունին, սակայն գրաւած են այլ գիրքեր եւս:

Հրատարակչատան աշխատակից Մեհմէտ Ալի Վարըշ ձերբակալուած է, ապա աւելի ուշ ազատ արձակուած:

«Պէլկէ» հրատարակչատունը յայտնի է Հայոց ցեղասպանութեան ու հայկական հարցի վերաբերեալ քանի մը տասնեակ գիրքերու տպագրութեամբ: Անոր հիմնադիր Զարաքոլուն բազմիցս այցելած է Հայաստան, ան դատապարտած է հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը՝ կոչ ընելով թրքական պետութեան եւս առերեսուիլ իրականութեան հետ: Ներկայիս Զարաքոլուն որպէս վտարանդի կը բնակի Եւրոպայի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment