Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ելք» Դաշինքը Ընկերային Աջակցութիւն Կ’առաջարկէ Ընտրակաշառքէն Հրաժարած Քաղաքացիներուն

«Ելք» Դաշինքը Ընկերային Աջակցութիւն Կ’առաջարկէ Ընտրակաշառքէն Հրաժարած Քաղաքացիներուն

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընտրուելէ ետք «Ելք» դաշինքը Երեւան քաղաքի պիւտճէին մէջ փոփոխութիւններ կը սահմանէ եւ  ընկերային աջակցութիւն կ’առաջարկէ այն քաղաքացիներուն, որոնք հրաժարած են ընտրակաշառքէն։ Այս մասին 8 Մայիսին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է «Ելք» դաշինքէն ՀՀ Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման նորընտիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը։

Երէկ համապատասխան դրոյթը ներառուած է դաշինքի նախընտրական ծրագրին մէջ։ «Եթէ քաղաքացին համապատասխան դիմում ներկայացնի ու յայտնի, որ իրեն ընտրակաշառք են առաջարկել, Երեւանի պիւտճէից նա 15 հազարական դրամի չափով սոցիալական աջակցութիւն կը ստանայ»։

Այն հարցին, թէ ինչպէս պիտի ստուգեն, որ քաղաքացին ընտրակաշառք չէ ստացած, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած է. «Մենք հաւատում ենք մեր ընտրողներին»։

Խօսելով այն մասին, թէ արդեօք Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը այդ մէկը որպէս ընտրակաշառք չի դիտարկեր, Փաշինեան ընդգծած է. «Թող միայն փորձի»։ Իսկ հանդիպման ներկայ ՀՀ խորհրդարանի եւս նորընտիր պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան, իր հերթին, նկատած է. «Ի՞նչ էք կարծում, մեր դիմում իրաւաբաններ չկա՞ն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment