Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին երէկ Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ ընդունած է վարչապետ Նարենտրա Մոտին:
Երկու ղեկավարները քննարկած են քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ հակաահաբեկչական պայքարին առնչուող հարցեր:
Մինչդեռ, ինչպէս «The New Indian Express» պարբերականի մեկնաբան Ռիտու Շարմանն է նշած է, «Էրտողանը Հնդկաստան կը մեկնի՝ Ցեղասպանութեան մեղքը խիղճին»:
Վերլուծաբանները յիշեցուցած են, որ ընդամէնը օրեր առաջ՝ 25 ապրիլին, Հնդկաստանի փոխնախագահ Մուհամմատ Համիտ Անսարին Երեւանի մէջ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
«Սա ողբերգութիւն է, աննկարագրելի տառապանք, որ մարդիկ մարդկանց պատճառած են», – ըսած է Հնդկաստանի փոխնախագահը:
Հնդիկները լաւ կը գիտակցին, որ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ կը զայրացնեն թուրքերուն, որոնք կտրականապէս կը մերժեն հայերուն կոտորելու փաստը:
Նիւ Տելհիի քաղաքական շրջանակներէն ներս կ’ենթադրեն, որ այն Անգարային հասցէագրուած անուղղակի, բայց ցաւոտ ուղերձ է, Հնդկաստանին կը զայրացնէ Քաշմիրի տարածքի շուրջ խճճուած վէճին մէջ Փաքիստանին սատարելու Թուրքիոյ դիրքորոշումը:
Նիւ Տելհիի մէջ մտադիր են Էրտողանին դժգոհութիւն յայտնել այն կապակցութեամբ, որ թրքական կողմը տնտեսական միջոցներ եւ մասնագէտներ տրամադրած է Փաքիստանի կողմէ հսկուող Քաշմիրի ենթակառուցուածքներու զարգացման համար:
Դիւանագիտական յաջորդ հարուածը՝ Էրտողանի այցէն ժամեր առաջ Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անաստասիատէսին Նիւ Տելհիի մէջ ընդունիլն է: Նարենտրա Մոտին յստակ ըսած է, որ Հնդկաստանը կը սատարէ Կիպրոսի ինքնիշխանութեան:
Նշենք նաեւ, որ 3 մայիսին Էրտողան պիտի մեկնի Սոչի, ուր պիտի հանդիպի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: