Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրապարակուած է «Աւրորա»-ի 2017-ի Յաւակնորդներու Անունները

Հրապարակուած է «Աւրորա»-ի 2017-ի Յաւակնորդներու Անունները

by MassisPost

«Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովը երէկ յայտնած է մրցանակի 2017 թուականի յաւակնորդներու անունները:

Ըստ IDeA հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինի, յաւակնորդները ընտրուած են բացառիկ ազդեցութեան, խիզախութեան եւ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար՝ փրկելով մարդկային կեանքեր եւ իրականացնելով մարդասիրական գործունէութիւն.

Ֆարթուն Ատան եւ Իլվատ Էլման, «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնի հիմնադիրներ, Սոմալի. մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ յանուն խաղաղութեան պայքարող աքթիւիսթներ. մայր եւ դուստր, որոնք կը զբաղուին մանկահասակ զինուորականներու վերականգնողական աշխատանքներով՝ «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնի միջոցով:

Ճամիլա Աֆղանի, «Նուռ» կրթական եւ  հնարաւորութիւններու ընդլայնման կազմակերպութեան ղեկավար. Կը զբաղուի Աֆղանիստանի մէջ կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ կրթական ծրագիրներու միջոցով, ինչպէս նաեւ՝ իսլամ առաջնորդները իր նախագիծերուն մէջ ներգրաւելով:

Մուհամատ Տարուիշ, Սուրիոյ Մատայա քաղաքի մէջ դաշտային հիւանդանոցի բժիշկ. ատամնաբուժութեան բաժնի ուսանող, որ վերադարձած է իր ծննդավայր եւ բժշկական ծառայութիւններ կը տրամադրէ ու կը խնամէ հիւանդները՝ կատարելով վիրահատութիւններ եւ գրանցելով մանրամասն տեղեկատուութիւն անոնց առողջական վիճակի մասին, որոնցմէ շատերը շարունակուող բռնութենէն տուժած երեխաներ են: Այսպիսով, ան միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ պաշարման մէջ գտնուող քաղաքի վրայ:

Տէնիս Մուկվեգէ, կնկայ բժիշկ-վիրաբոյժ եւ Փանզի հիւանդանոցի հիմնադիր, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն. մանկաբարձ-կնկայ բժիշկ, որ բժշկական, հոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէ պատերազմական երկրի մէջ սեռական բռնութիւններու ենթարկուած աւելի քան 50,000 կիներու՝ միաժամանակ պայքարելով պատասխանատուութեան ենթարկել բռնութիւն իրականացնողներուն:

Թոմ Քաթինա, Նուպայի լեռներուն մէջ «Գթութեան մայր» հիւանդանոցի վիրաբոյժ. վիրաբոյժ եւ կաթոլիկ միսիոներ, որ տարիներ շարունակ Սուտանի պատերազմական Նուպա լեռներուն մէջ միակ վիրաբոյժն է՝ իրականացնելով տարեկան 1000 վիրահատութիւն եւ սպասարկելով օրական աւելի քան 400 հիւանդ:

28 Մայիսին յաւակնորդները մեծարման պիտի արժանանան «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութեան ժամանակ Երեւանի մէջ, ուր յայտնի պիտի դառայ 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը:

Դափնեկիրը պիտի ստանայ 100 հազար տոլար պարգեւ՝ շարունակելու իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ 1 միլիոն տոլար դրամաշնորհ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի տայ շարունակելու նուիրատուութեան շղթան՝ աջակցելով իրեն ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment