Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽԽՎ-ի Գործող Նախագահ Ատրպէյճանամէտ Փետրօ Ակրամունթի Հրաժարականը Կը Պահանջեն

ԵԽԽՎ-ի Գործող Նախագահ Ատրպէյճանամէտ Փետրօ Ակրամունթի Հրաժարականը Կը Պահանջեն

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի երէկուան նիստը աննախադէպ ընթացք ունեցած է. նիստին պահանջած են ԵԽԽՎ գործող նախագահ, ատրպէյճանամէտ գործիչ Փետրօ Ակրամունթի հրաժարականը։

ԵԽԽՎ-ի մօտ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, թէ ԵԽԽՎ բոլոր քաղաքական խումբերու առաւօտեան նիստերը նուիրուած  եղած են Փետրօ Ակրամունթի շուրջ զարգացող իրավիճակին։ Բոլոր խումբերը համակարծիք եղած են, որ Փետրօ Ակրամունթը իր գործողութիւններով կորսնցուցած է վստահութիւնը եւ, ըստ էութեան, գործ ունին քաղաքական հասունցող ճգնաժամի հետ։

«Քաղաքական խմբերի նիստերից յետոյ Սոցիալիստների խմբակցութիւնը հանդէս է եկել յայտարարութեամբ՝ ըստ էութեան պահանջելով Փետրօ Ակրամունթի հրաժարականը։ Մենք, որպէս ԵԺԿ խմբակցութիւն, համանման որոշում ենք կայացրել, որի արդիւնքում Փետրօ Ակրամունթը եւ նրան ուղեկցող երկու անձինք, որոնց նախկին հակահայ զեկոյցներից սկսած հայ հանրութիւնը յիշում էր որպէս ատրպէյճանամէտ լոբպիսթների, պէտք է հրապարակային բոլոր խմբերի հարցերին պատասխանեն հանրային լսումների ձեւով, որ պէտք է տեղի ունենայ վաղն առաւօտեան»,- նշած է Ֆարմանեան։

Անոր խօսքով՝ ԵԽԽՎ նստաշրջանը այսօր սկսած է աննախադէպ իրավիճակով, երբ ԵԽԽՎ մեծաթիւ անդամներ, այդ շարքին նաեւ ինքը՝ Ֆարմանեանը, պահանջած են Ակրամունթի հրաժարականը։ «Փետրօ Ակրամունթը ստիպուած էր ընդհատել նիստը, 10 րոպէ ընդմիջում վերցնել, բայց ընդմիջումից յետոյ այլեւս չվերադարձաւ ԵԽԽՎ նախագահութիւն»,- ըսած է Ֆարմանեան ու աւելցուցած. «Ստեղծուած իրավիճակն աննախադէպ է ԵԽԽՎ պատմութեան մէջ, մինչ այս երբեք նման իրավիճակ չի եղել․ համախոհութիւն կայ բոլոր քաղաքական խմբերի մօտ, որ քաղաքական հասունացող ճգնաժամը պէտք է հանգուցալուծուի Ակրամունթի հրաժարականով»։

Ըստ ԱԺ պատգամաւորին՝ զուգահեռ քննարկումներ կ’ընթանան՝ կապուած ԵԽԽՎ-ի կաշառակերութեան  գայթակղութիւններու հետ։ Քննարկուած է անկախ արտաքին յանձնաժողով ստեղծելու հարցը, որ, հաւանաբար, բաղկացած պիտի ըլլայ երեք հեղինակաւոր անդամներէ, ՄԻԵԴ նախկին դատաւորներու կամ նոյնպիսի պատասխանատու պաշտօն զբաղեցնող անձերէ, որոնք հետաքննութիւն պիտի իրականացնեն ԵԽԽՎ-ի շուրջ այս տարիներուն ծաւալուած կաշառակերութեան գայթակղութիւններու շուրջ։

«Կարծում եմ՝ երկուսն էլ լաւ նորութիւն են մեզ համար։ Քաղաքական ճգնաժամը կարող է հանգուցալուծուել միայն Փետրօ Ակրամունթի հրաժարականով, եւ տրամադրուածութիւնն էլ այնպիսին է, որ դա պէտք է տեղի ունենայ այս նստաշրջանի ընթացքում, մինչեւ շաբաթավերջ»,- ամփոփած է Սամուէլ Ֆարմանեան։

Նշենք, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնը պահանջած է կառոյցի նախագահ Փետրօ Ակրամունթի  ամբաստանութեան գործընթաց սկսիլ՝ Սուրիա անոր գլխաւորած պատուիրակութեան այցի պատճառով: Փետրօ Ակրամունթ իր հերթին յայտարարած է, որ Սուրիա իր այցելութիւնը սխալ էր: Ակրամունթ պարզաբանած է, որ Սուրիա իր այցը լրատուամիջոցներու կողմէ շահարկումներու առարկայ դարձած է, նաեւ նշած, որ իր այցի մասին պարզաբանումներ ներկայացուցած է ԵԽԽՎ պիւրոյին:

Նիստի ընթացքին ԵԽԽՎ ղեկավարին յիշեցուցած են կաշառակերութեան շարք մը գայթակղութիւններու մասին, որոնց մէջ նաեւ իր անունը կը շրջանառուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment