Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 29 Յուլիսին Ոստիկանութեան Կողմէ Յատուկ Միջոցներու Գործադրումը Եղած է Անհամաչափ. ՄԻՊ-ի Արտահերթ Զեկոյցը

29 Յուլիսին Ոստիկանութեան Կողմէ Յատուկ Միջոցներու Գործադրումը Եղած է Անհամաչափ. ՄԻՊ-ի Արտահերթ Զեկոյցը

by MassisPost

Անցած տարուայ 29 Յուլիսին ոստիկանութիւնը իրաւունք ունէր Սարի թաղի մէջ գործադրել յատուկ միջոցներ, սակայն գործադրուած եղանակը եղած է անհամաչափ, անթոյլատրելի: Այս մասին 21 Ապրիլին, լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը՝ ներկայացնելով յուլիսեան իրադարձութիւններու վերաբերեալ արտահերթ հրապարակային զեկոյցը:

«Ի սկզբանէ Սարի թաղը նախատեսուած չէր հաւաք անցկացնելու համար: Երկրորդ, Սարի թաղն արդէն իսկ ասոցացւում էր բռնութեան հետ, յիշենք, որ դրանից օրեր առաջ բախումներ էին տեղի ունեցել ոստիկանութեան եւ բնակիչների միջեւ, այդ բնակիչներից մի քանիսն առ այսօր կալանքի տակ են: Երրորդ, Սարի թաղում կիսալուսաւոր, նեղ փողոցները, միեւնոյն ժամանակ ոստիկանութիւնն արդէն յայտարարել էր, որ ՊՊԾ գնդի տարածքից կրակում են Սարի թաղի ուղղութեամբ: Ինքս եղել եմ Սարի թաղում եւ տեսել, որ մարդիկ մեքենաները վարում էին լոյսերն անջատած հենց այդ կրակոցների պատճառով: Խնդիրը զեկոյցի մէջ դրել ենք հենց հետեւեալ կերպ՝ ինչու այս պայմաններում հաւաքի կազմակերպիչներրը գնացին այս քայլի, որ երթով գնացին այնտեղ»,- ըսած է Արման Թաթոյեան:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նշած է, որ յատուկ միջոցներ գործադրելու վերաբերեալ որեւէ զգուշացում չէ եղած, բացի անկէ, այդ միջոցներու կոպիտ գործադրմամբ մարդիկ սկսած են պատսպարուիլ բնակիչներու տուները, իսկ ոստիկաններն ալ մտած են այդ տուները, որու իրաւունքը չունէին. «Յուլիսի 29-ին ոստիկանութեան կողմից յատուկ միջոցների գործադրումն անհամաչափ էր»:

Յիշեցնենք, որ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբը 2016թ. Յուլիսի 16-ի լոյս 17-ի գիշերը գրաւած էր ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը: Շուրջ երկու շաբաթ տարածքին հարակից Խորենացի փողոցին մէջ տեղի ունեցած էին բողոքի ցոյցեր՝ ի պաշտպանութիւն խումբի անդամներուն: Ցոյցերու ընթացքին մասնաւորապէս երկու օր՝ 20 եւ 29 Յուլիսին տեղի ունեցած էին բախումներ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ, ոստիկանները յատուկ միջոցներ կիրառելով ցրած էին ցուցարարներուն: Յատուկ միջոցներու հետեւանքով բազմաթիւ ցուցարարներ մարմնական վնասուածքներ ստացած էին, որոնց շարքին՝ լրագրողներ:

Յուլիսեան դէպքերէն ետք իրաւապահները ոստիկանութեան բաժանմունքներ բերման ենթարկեցին բազմաթիւ անձեր: Անոնց մէկ մասին մեղադրանք  առաջադրուած է զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք կրելու, իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու յատկանիշներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment