Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջած է Ուսումնասիրել 1915թ. Տեղահանութեան Մասին Օրէնքի Հետեւանքները

Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Պահանջած է Ուսումնասիրել 1915թ. Տեղահանութեան Մասին Օրէնքի Հետեւանքները

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերու տեղահանութեան մասին օրէնքին հետեւանքները ուսումնասիրելու դիմում ներկայացուցած է խորհրդարանի ղեկավարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:

«Ժամանակաւոր տեղահանութեան օրէնք»-ը ընդունուած էր 1915 թուականի 27 Մայիսին եւ ուժի մէջ մտած էր նոյն թուականի 1 Յունիսին «Takvim-i Vekayi» պաշտօնաթերթին մէջ տպագրուելէն ետք:

Փայլան պահանջած է ուսումնասիրել այդ ժամանակաշրջանի կառավարութեան եւ պետական պաշտօնեաներու պատասխանատուութեան հարցը եւ տեղահանութեան հետեւանքներուն մինչեւ օրս շարունակուող ազդեցութիւնը:

Ան դիմումին մէջ ընդգծած է, որ «ժամանակաւոր տեղահանութեան օրէնք»-ին ընդունումէն ետք՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բնակող հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է տեղահանման, բացի այդ, անիկա պատճառ դարձած է հայերու, ասորիներու, քաղդէացիներու, եզդիներու եւ յոյներու կոտորածին: Ըստ Փայլանի` չնայած 102 տարի անցած է, բայց վերոնշեալ օրէնքին հետեւանքները Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին կողմէ չեն ուսումնասիրուած:

Փայլան նշած է, որ տեղահանութեան մասին օրէնքին պատճառով՝ բազմաթիւ մշակութային արժէքներ ու անշարժ գոյք բռնագրաւուած է կամ ալ առգրաւուած է պետութեան կողմէն:

«Այս օրէնքին հարցով որեւէ շահարկում կանխելու,  «ճշմարտութեան» բացայայտման նպաստելու, ապագայ սերունդներուն` Թուրքիոյ մէջ ազատութեան եւ խաղաղութեան մէջ համատեղ  ապրելու հնարաւորութիւն ապահովելու նպատակով, կ՝առաջարկեմ, որ խորհրդարանը ուսումնասիրութիւն սկսի` համաձայն Սահմանադրութեան 98-րդ, ներքին կանոնադրութեան 104-րդ եւ 105-րդ յօդածներուն»,- ըսած է հայ պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment