Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ն Առանց Վարչական Միջոցի ու Ընտրակաշառքի Յաղթելու Առիթ Չունի. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀԿ-ն Առանց Վարչական Միջոցի ու Ընտրակաշառքի Յաղթելու Առիթ Չունի. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

«Երեւանի աւագանու ընտրութիւններին մասնակցում եմ Երեւանի քաղաքապետ ընտրուելու համար»,- երէկ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկին յայտարարած է «Ելք» դաշինքի ցուցակը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեանը:

Ան ըսած է, որ ՀՀԿ-ն առանց վարչական միջոցի ու ընտրակաշառքի յաղթելու առիթ չունի: Խնդիրը այն է, որ նոյնիսկ վարչական միջոցի գործադրման պայմաններուն իւրաքանչիւր քաղաքացի կրնայ երթալ եւ կատարել իր ընտրութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ իրենք Երեւանի համար չորս խումբի բաժնուած խնդիրներ թիրախաւորած են՝ փոխադրամիջոց, բազմաբնակարան շէնքերու կառավարում, մանկապարտէզներու խնդիր, կանաչապատում եւ սանիտարական մաքրութեան աշխատանքներ:

«Ելք» դաշինքը նախընտրական քարոզարշաւը սկսած էր երթով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment