Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եուրի Խաչատուրովը Նշանակուած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղար

Եուրի Խաչատուրովը Նշանակուած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղար

by MassisPost

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը 2017-ի 2 Մայիսէն պիտի ստանձնէ Եուրի Խաչատուրովը: Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն վկայակոչելով կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիկովին:

«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի նշանակելու հարցը քննարկելու ժամանակ որոշում ընդունուած է 2 Մայիսէն այդ պաշտօնին նշանակել Խաչատուրով Եուրի Գրիգորեւիչը»,- լրագրողներուն ըսած  է Սեմերիկով՝ ամփոփելով ՀԱՊԿ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովը:

Ան նաւ յայտնած է, որ պետութեան ղեկավարները որոշում ընդունած են ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Պորտիւժային պարգեւատրել ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գերազանցութեան I աստիճանի նշանով:

Անոր խօսքով` ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովի ընթացքին ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու նախագահները քննարկած են «ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան ներքոյ գտնուող ռազմաքաղաքական ու ռազմամարտավարական հանգամանքներու շուրջ հարցերն ու շարք մը լրացուցիչ միջոցառումներ ձեռնարկած` անվտանգութեան սպառնալիքներուն հակազդելու հետ կապուած»:

Նշենք, որ Եուրի Խաչատուրովը 2008-2016 թուականներուն եղած է ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ: իսկ 2016-ի Հոկտեմբերին նշանակուած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment