Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Human Rights Watch. Շնորհակալութիւն «Խոստում» ֆիլմին

Human Rights Watch. Շնորհակալութիւն «Խոստում» ֆիլմին

by MassisPost

Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը երախտագիտութիւն  յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստում» ֆիլմը ստեղծողներուն:

«Շնորհակալութիւն Էրիկ Իսրայէլեանին եւ «Խոստում» ֆիլմին՝ ամենասարսափելի յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ Human Rights Watch-ի աշխատանքներուն աջակցելու համար»,- ըսուած է կազմակերպութեան միքրոպլոկին մէջ:

Յիշեցնենք, որ «Խոստում» ֆիլմը ԱՄՆ-ի մէջ մեծ պաստառին պիտի բարձրանայ 21 ապրիլին:

Ժապաւէնի բեմադրիչը Թերրի Ճորճն է, որ նաեւ «Ռուանտա հիւրանոց» յայտնի ֆիլմի հեղինակն է: «Խոստում»-ի արտադրողը Քըրք Քըրքորեանն է, իսկ երաժշտութիւնը գրած է Սերժ Թանքեանը: Արտադրողներէն մէկն ալ Էրիք Իսրայէլեանն է:

Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են Քրիսթիան Պէյլը, Օսքար Այզէքը եւ Շարլոթ լը Պոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment