Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Ընտրութիւններուն «Ելքի» Շտաբի Պետը Էտմոն Մարուքեանն է, Իսկ ՀՀԿ-ինը՝ Էտուարտ Շարմազանով

Երեւանի Ընտրութիւններուն «Ելքի» Շտաբի Պետը Էտմոն Մարուքեանն է, Իսկ ՀՀԿ-ինը՝ Էտուարտ Շարմազանով

by MassisPost

Մայիսի 14-ին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն իշխող Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական շտաբի պետը պիտի ըլլայ ԱԺ փոխխօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը: Այս մասին 10  Ապրիլին, NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՀԿ կազմակերպչական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Թադեւոսեան։

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող միւս քաղաքական ուժի՝ «Ելքի» նախընտրական շտաբի պետն ալ Էտմոն Մարուքեանը պիտի ըլլայ: Այս մասին տեղեկացուցած է դաշինքի մամլոյ խօսնակ Տիգրան Աւինեան:

Իսկ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոսթանճեան հրաժարած է նշել, թէ ով պիտի ըլլայ իրենց նախընտրական շտաբի պետը՝ ըսելով, որ աւելի ուշ այդ մասին տեղեկատւութիւն կը տարածուի:

Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան 14 մայիսին: Ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու, կուսակցութիւններու դաշինքներու գրանցման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշմամբ, պէտք է ներկայացուին 30 Մարտ 2017-էն մինչեւ 9 Ապրիլի ժամը 18:00-ը։ Իսկ կուսակցութիւններու, կուսակցութիւններու դաշինքներու ցուցակներու գրանցումը կ’իրականացուի 9-14 Ապրիլ 2017-ին: Նախընտրական քարոզչութիւնը կը մեկնարկի 21 Ապրիլ 2017-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ 12 Մայիսը ներառեալ:

Աւելի վաղ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութեան մասին յայտարարած էին ՀՀԿ-ն, «Ելք» դաշինքը եւ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւնը: ՀՀԿ-ի ցուցակը կը գլխաւորէ գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, «Ելք»-ի ցուցակը՝ Նիկոլ Փաշինեանը, իսկ «Երկիր Ծիրանիի» ցուցակը՝ Զարուհի Փոսթանճեանը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment