Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անոնց Որոնց 100 Տարի Առաջ Ծովը Նետեցինք, Իրենք Են Հիմա «Ոչ» Ըսողը Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն. Էրտողան

Անոնց Որոնց 100 Տարի Առաջ Ծովը Նետեցինք, Իրենք Են Հիմա «Ոչ» Ըսողը Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն. Էրտողան

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի վերաբերեալ Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ ելոյթ ունեցած է, կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:

Թրքական «Diken» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` Էրտողան, անդրադառնալով սահմանադրական փոփոխութիւնները մերժողներուն, ըսած է.  «Կը յիշէ՞ք զանոնք, որոնց ծով կը նետէին 100 տարի առաջ: Այ անոնց պաշտպանները այսօր «ոչ» կ՛ըսեն: եւ իրենց ձիերն ու շուները կը ձգեն «այո» ըսողներուն վրայ: Անոր համոզումով` կառավարման նախագահական համակարգին դէմ եղողները Թուրքիոյ թշնամիներն են:

Էրտողան յայտարարած է, թէ «իրական հիւանդը» Եւրոպան է: Անոր կարծիքով` Եւրոպայի տնտեսութեան վիճակը երթալով կը վատթարանայ: «Անոնք վարակուած են ռասիզմի վարակով: Այս անգամ անոնց վիճակը ծանր պիտի ըլլայ»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Էրտողան նաեւ կարծիք յայտնած է, թէ եւրոպական երկիրները ճնշում կը գործադրեն ծագումով թուրք քաղաքացիներուն վրայ: Ան սպառնացած է, որ Ապրիլ 16-ի հանրաքուէէն ետք Եւրոպան դեռ պատասխան պիտի տայ իր այդ պահուածքին համար:

Յիշեցնենք, որ ըստ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան` 1922-23 թուականներուն քեմալական շարժման ժամանակ թուրքերը Պոսֆորի ջուրեր նետած են «քրիստոնեայ զաւթիչները»` իբրեւ կայսերապաշտ բռնակալութեան դէմ պայքարի դրսեւորում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment