Home ՍՓԻՒՌՔ Աթէշեան Մերժած է Լիազօրութիւնները Փոխանցել Պէքճեանին

Աթէշեան Մերժած է Լիազօրութիւնները Փոխանցել Պէքճեանին

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան պատրաստ չէ իր լիազօրութիւնները պատրիարքի նորընտիր տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանին փոխանցելու: «Ակօս»-ի հաղորդմամբ` այս մասին արքեպիսկոպոս Աթէշեան յայտնած է նախօրէին պատրիարքարանէն ներս արքեպիսկոպոս Պէքճեանի հետ կայացած հանդիպման ժամանակ:

Գերմանիայէն վերադարձած Գարեգին Պէքճեանը Երկուշաբթի այցելած է պատրիարքարանի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի, ուր պէտք է տեղի ունենար անոր դիմաւորման արարողութիւնը: Սակայն, եկեղեցւոյ դռները փակ եղած են, եւ հանդիսութիւնը տեղի չէ ունեցած: Եկեղեցին բացուած է տեղապահ Պէքճեանի եւ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի գալէն ետք միայն:

Արքեպիսկոպոսին բարի գալուստ մաղթելու եկած սթանպուլահայերու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ մէջ աղօթք եղած է: Այնուհետեւ պատրիարքարանէն ներս հանդիպում կայացած է, որուն մասնակցած են արքեպիսկոպոս Պէքճեանը, եպիսկոպոս Մաշալեանը, Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու ղեկավարութեան ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանը: Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այս հանդիպման չէ մասնակցած եւ միայն Շիրինօղլուի յորդորներէն ետք միացած է քննարկման:

Տեղապահ Պէքճեան բարձրացուցած է լիազօրութիւններու բաժանման հարցը, ինչին ի պատասխան, փոխանորդ Աթէշեան նշած է, թէ Պէքճեան առայժմ լիազօրութիւններ չունի: «Քեզ կը ճանչնանք իբրեւ տեղապահ, բայց կը պաշտօնավարես միայն այն ժամանակ, երբ կը սկսի նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը»,- ըսած է Աթէշեան: Արքեպիսկոպոս Պէքճեան խնդրած է, որ իր առաջարկած պայմանները Աթէշեան թուղթին յանձնէ եւ յառաջիկայ երկու օրուայ ընթացքին իրեն փոխանցէ: Աթէշեան պատասխանած է, թէ այդ նամակը կ’ուղարկէ նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:

Հոգեւորականներու հանդիպման մասնակցած Թորոս Ալճան «Ակօս»-ին փոխանցած է, որ քննարկման ժամանակ սրբազանները առաջարկած են ստեղծուած իրավիճակի լուծման իրենց տարբերակները: Ան յոյս յայտնած է, որ պատրիարքական փոխանորդն ու տեղապահը ի վերջոյ համաձայնութեան կու գան այն հարցին, թէ ինչպէս պիտի կարգաւորեն նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը:

Յիշեցնենք, որ անցած շաբաթ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան եւ հայր Տրդատ Ուզունեան այցելած էին Սթանպուլի նահանգապետարան եւ փոխնահանգապետ Ազիզ Մերճանի հետ քննարկած 16 մարտին տեղի ունեցած տեղապահի ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած անորոշ իրավիճակը: Թուրք պաշտօնեան յստակ յայտնած էր պետութեան դիրքորոշումը. նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կրնայ սկսիլ միայն 16 ապրիլի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment