Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փարիզ – ՍԴՀԿ «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութիւնը Ոգեկոչեց Ապրիլեան Քառօրեայի Պատերազմի Նահատակներու Յիշատակը

Փարիզ – ՍԴՀԿ «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութիւնը Ոգեկոչեց Ապրիլեան Քառօրեայի Պատերազմի Նահատակներու Յիշատակը

by MassisPost

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017-ին, ՍԴՀԿ «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութիւնը, ոգեկոչեց յիշատակը Արցախեան սահմանին վրայ, քառօրեայ պատերազմի ընթացքին  նահատակուած  զինուորներուն:

Փարիզի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի կոթողին ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Ալֆօրվիլ քաղաքի Աշտարակ հրապարակ, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի – Հնչակեան Ակումբի կից, Խաչքար յուշակոթողը: Հոն ՍԴՀԿ «Նազարբէկ»  Երիտասարդական Միութեան ոգեկոչման կոչին ընդառաջած էին՝  Ալֆօրվիլի Հայոց Եկեղեցւոյ   հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Տիրայր Քհնյ. Գըլըճեան,  Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը  Ֆրանսա մէջ՝ Յովհաննէս Գէորգեան, Ալֆօրվիլ քաղաքի Ծերակուտական-Քաղաքապետ Լուք Գարվունաս,  Փարիզի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան  Դեսպան  Վիգէն Չիթեճեան, ինչպէս նաեւ 200-ի  շուրջ  հաշուող ներկաներ:

Սեւակ Սարգայան, ՍԴՀԿ  «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութեան ատենապետ, իր խօսքին ընդմէջէն տեղեկացուց «Ազատ  Արցախ 2» մարդասիրական գործողութեան արձակումը որ տեղի պիտի ունենայ 2017-ի Օգոստոս ամսուն աւարտին, երբ  «Նազարբէկ»  անդամներ պիտի ուղղուին դէպի Արցախեան սահման նիւթապէս ու հոգեպէս թիկունք կանգնելու սահմանապահ զինուորներուն:

Տէր Հօր պատերազմին ինկած զինուորներուն հոգին օրհնելէ ետք եւ  «Նազարբէկ»ի անդամ Վազգէն Սարաֆեանի «Տէր Ողորմեա»էն ետք, Ծերակուտական-Քաղաքապետ Լուք Գարվունաս, Արցախի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վիգէն Չիտէճեան եւ ՍԴՀԿ  «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութիւնը ծաղկեպսակներ զետեղեցին Կոթողին:

Արարատ Եսիլսիմեան անդրադարձաւ իր ապրումներուն մասին երբ իր ընկերոջ Կարէն Մարտիրեանին հետ միասին հոն էին, արցախեան սահման, քառօրեայ պատերազմին ընթացքին: Ան ըսաւ, «Հոն երթալով, տեսայ ալեհերներու եւ երիտասարդներու միջեւ անկեղծ ու հարազատ յարաբերութիւնը: Եւ հոն հասկցայ թէ հայութիւնը, հող, լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօնք չէ միայն, այլ նաեւ սէրը ընտանիքին հանդէպ եւ հպարտութիւնը իր ինքնութեամբ:

 

 

 

Լուք Գարվունաս որ մէկէ աւելի անգամներով եղած է Արցախ, իր խօսքին մէջ ամրապնդեց իր յանձնառութիւնը հայկական գաղութին նկատմամբ եւ տեղեկացուց, թէ շուտով Արցախի Հանրապետութեան քաղաք մը եւ Ալֆորվիլ պիտի դառնան քոյր քաղաքներ:

 

Յովհաննէս Գէորգեան նկարագրեց սահմանի վիճակը, թշնամուն բարբարոսութիւնը քառօրեայ պատերազմի ընթացքին եւ բայց ու այնպէս ինքզինք հանդարտ կը զգայ շնորհիւ ֆրանսահայութեան զօրակոչին եւ Ֆրանսայի քաղաքական դէմքերու նեցուկին:

 

 

 

Ֆրանսայի Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր Դեսպան, Պարոն Վիգէն Չիթեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Նազարբէկ»  Երիտասարդական Միութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան  Կուսակցութեան այս նախաձեռնութեան համար:

 

Նշենք նաեւ, «Նոր Սերունդ»  Մշակութային Միութեան  «Կայծ»  խումբի պատանիները ոգեկոչման սկիզբը երգեցին «Մեր Հայրենիք»ը իսկ ոգեկոչումը աւարտեցին «Զարթի’ր Լաօ» երգով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment