Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վիգէն Սարգսեան Յոյս Ունի ընտրութիւններեն Ետք Մնալ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար

Վիգէն Սարգսեան Յոյս Ունի ընտրութիւններեն Ետք Մնալ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար

by MassisPost

Ես մեծ յոյս ունիմ, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան յաղթանակի պարագային ինձ կը վստահուի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ աշխատանքի շարունակութիւնը։ Այս մասին ռուս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, որ կը գլխաւորէ ՀՀԿ նախընտրական ցուցակը։

Ան նշած է, որ Հայաստանի պետական կառավարման համակարգէն ներս պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վճռական ու շատ կարեւոր դիրք կը համարուի՝ հաշուի առնելով առկայ մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները։

«Աշխատանքի համար մեծ դաշտ եմ տեսնում եւ մեծ յոյս ունեմ, որ պաշտպանութեան ոլորտում բարեփոխումներն իրականացնելու ժամանակ կը լինի, որոնք ժամանակի մարտահրաւէրներ են եւ շատ են ազդում երկրի պաշտպանունակութեան վրայ։ Մենք շատ հարցեր ունենք, որոնք պէտք է համալիր լուծել», – ըսած է Սարգսեան։

Անոր խօսքով՝ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը՝ պէտք է այնպէս ընել, որ այդ երկու տարին ոչ թէ հայրենիքին տրուած պարտք ըլլան, այլ որպէսզի երիտասարդները կարենան յաւելեալ կրթութիւն ստանալ, հմտութիւններ զարգացնել։

Սարգսեան նաեւ նշած է, որ շատ բան պէտք է ընել Հայաստանի զինուժի մարտունակութիւնը բարձրացնելու համար։ «Այդ իմաստով ես երջանիկ կը լինէի, եթէ ՀՀԿ-ի յաղթանակն ինձ թոյլ տար շարունակել աշխատանքը, որը ես եւ գործընկերներս սկսել ենք այս վեց ամսում եւ վստահ եմ, որ կը կարողանանք աւարտին հասցնել»,-ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment