Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ ԱԺ Ընտրութիւնները Կը Լուսաբանէ 120 Լրատուամիջոց եւ Կը Դիտարկէ 55 Դիտորդական Կազմակերպութիւն

ՀՀ ԱԺ Ընտրութիւնները Կը Լուսաբանէ 120 Լրատուամիջոց եւ Կը Դիտարկէ 55 Դիտորդական Կազմակերպութիւն

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւնները դիտարկելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հաւատարմագրուած է դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող 6 միջազգային կազմակերպութիւն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը դիտարկեն` ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը, ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը, ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովը, ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովը, Եւրոպական խորհրդարանը:

Ընտրութիւնները դիտարկելու ցանկութիւն յայտնած տեղական կազմակերպութիւններու թիւը աւելի մեծ է: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հաւատարմագրուած է 49 տեղական կազմակերպութիւն, որոնք տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող հասարակական կազմակերպութիւններ են:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը նաեւ հրապարակած է յառաջիկայ ընտրութիւնները լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած տեղական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ցանկը: Ընտրութիւնները լուսաբանելու համար ԿԸՀ-ի մօտ հաւատարմագրուած է 89 տեղական, իսկ ՀՀ ԱԳՆ-ի մօտ` 31 միջազգային լրատուամիջոց`շուրջ 100 ներկայացուցիչներով:

Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած միջազգային լրատուամիջոցներու շարքին են այնպիսի հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ, ինչպիսիք են BBC-ն, Associated Press-ը, «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը, Ռուսաստանի առաջին ալիքը, «ՌԻԱ նովոսթի» եւ ԹԱՍՍ գործակալութիւնները եւ այլն:

Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան 2 ապրիլին: Նախընտրական քարոզարշաւը մեկնարկած է 5 մարտէն եւ կը շարունակուի մինչեւ 31 Մարտ:

Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 9 քաղաքական ուժ, որմէ 5-ը կուսակցութիւններ են, 4-ը՝ դաշինք: Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին Հայաստանի Հանրապետական, «Հայկական վերածնունդ», Հայաստանի Կոմունիստական, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ծառուկեան», «Ելք», «Գոնկրէս-ՀԺԿ» եւ «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment