Մինսքը մտադիր չէ վիճիլ ոչ Ատրպէյճանի, ոչ Հայաստանի հետ, այդ շարքին նաեւ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնման հարցի շուրջ: Այս մասին յայտարարած է Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուկաշէնկօն` Պելառուսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատրեանի հետ հանդիպման ժամանակ:
«Մենք մտերիմ ժողովուրդներ եղած ենք, այդպէս ալ կը մնանք: Ատրպէյճանին Հայաստանը այլ կերպ կը վերաբերի, բայց այն եւս մեր մտերիմ ժողովուրդն է…Ինչո՞ւ մենք պէտք է Ատրպէյճանի կամ Հայաստանի հետ կռուինք կամ վիճինք: Թերեւս, մենք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին օր մը պէտք կու գանք: Այդ պատճառով ալ` ինչու ես պէտք է սողոսկեմ այնտեղ, ուր չեն խնդրեր»-երեքշաբթի օր Մինսքի մէջ յայտարարած է Ալեքսանտր Լուկաշէնկոն:
«Կը յիշէ՞ք, Լափշինը: Լսէք, ի՞նչ կապ ունի Հայաստանը: Եւ Հայաստանն ալ ինձ Լափշինի մասին երբեք ոչինչ չէ ըսած: Հետախուզման մէջ գտնուած է Ատրպէյճանի կողմէ: Երբ անոր այստեղ կալանաւորեցին, ես մտածեցի` իսկ ինչո՞ւ այստեղ: Թող ան երթայ ուր պէտք է: Բայց կալանաւորեցին: Ինթըրփոլը գիտէր: Մենք յայտնեցինք ինչպէս կարգն էր: Որո՞ւ պէտք է յանձնէինք: Անոր, ով հետախուզում յայտարարած էր», —ըսած է նախագահը: Ան աւելցուցած է, որ «անոր ոչ ոք կ’ուզեր տանիլ»:
«Արդէն յետոյ սկսան այդ խաղաքարտը խաղարկել: Ան երեք երկիրներու քաղաքացի է, այդ երկիրներէն ոչ մէկը անոր նկատմամբ հաւակնութիւն չներկայացուց: Ոչ, պէտք է հիւանդ գլուխով առողջի վրայ ձգել եւ վերջ», — ըսած է Պելառուսի առաջնորդը:
«Այդ պատճառով ալ ցանկացած հարցի կան յստակ ենթաթեքստեր, եւ այդ հարցը կը դիտարկեն այնպէս, ինչպէս ինչ-որ մէկուն ձեռնտու է», — եզրակացուցած է ան:
2016-ի վերջին ՌԴ-ի եւ Իսրայէլի քաղաքացիութիւն ունեցող Լափշինը Ատրպէյճանի հարցմամբ ձերբակալուած է Մինսքի մէջ: Ատրպէյճանը անոր ներառած էր «սեւ ցուցակ»` առանց Պաքուի համաձայնութեան Արցախի Հանրապետութիւն այցելելու համար: Պելառուսի գլխաւոր դատախազութիւնը Ատրպէյճանի հարցով բաւարարելու եւ Լափշինը արտայանձնելու որոշում ընդունած է: