Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ընտրութիւններու Նախօրեակին Հրապարակուած Հարցախոյզերու Համաձայն ՀՀԿ Կրնայ Կորսնցնել Իր Մեծամասնութիւնը

Հայաստանի Ընտրութիւններու Նախօրեակին Հրապարակուած Հարցախոյզերու Համաձայն ՀՀԿ Կրնայ Կորսնցնել Իր Մեծամասնութիւնը

by MassisPost

Ապրիլ 2-ին տեղի ունենալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին կը հրապարակուին  հանրային կարծիքի շարք մը հարցախոյզեր,   ցոյց տալով,  թէ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնըª ՀՀԿ մեծ դժուարութեան առջեւ է մեծամասնութիւն  ապահովելու գծով:

Նման հարցախոյզերը Հայաստանի պարագային միշտ կ’ընդունուին վերապահումներով` գլխաւոր երկու պատճառներով:  Առաջինը այն է որ ժողովուրդը ընդհանրապէս կը վախնայ ճիշդ պատասխանել հարցումներուն,  իսկ երկրորդը` հարցախոյզերը կազմակերպող  ընկերութիւնները  կը գործեն  իշխանութիւններու  պատուէրով:

Հակառակ այս իրողութիւններուն, հրապարակուած հետազօտութիւնները կը բացայայտեն, որ   ընտրողներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը դժգոհ է իշխանութիւններէն, այդուհանդերձ, անոնցմէ շատերը պիտի ընտրեն իշխանական ուժին:

Հարցախոյզերու համաձայն  առաջատար կը նկատուի «Ծառուկեան Դաշինքը», որուն կը յաջորդէ ՀՀԿ-ն:  «Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան համառուսաստանեան կեդրոնի» հրապարակած տուեալներու համաձայն, «Ծառուկեան Դաշինքի» ի նպաստ պատրաստ է քուէարկել հարցուածներու 22, իսկ իշխող ՀՀԿ-ի օգտին` 21 տոկոսը:

Մնացած ուժերու պարագային ձայները հետեւեալ կերպ բաշխուած են` «Ելք» դաշինքին  պատրաստ է քուէարկելու մասնակիցներու 4, Դաշնակցութեան` 2, «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան»-ին, «Հայկական վերածնունդ»-ին, «ՀԱԿ-ՀԺԿ»-ին պատրաստ է ձայն տալ ընտրողներու 1-ական տոկոսը: «Ազատ դեմոկրատներն» ու Կոմունիստական կուսակցութիւնը աւելի քիչ ձայներ կը հաւաքենՙ:

Մէկ այլ հարցման համաձայն, որ կատարած է լիտուական KOG հիմնարկը, «Ծառուկեան Դաշինքը» ընտրապայքարի առաջատարն է ձայներու շուրջ 40 տոկոսով: Հանրապետականի օգտին, ըստ նոյն հարցման, պատրաստ է քուէարկել ընտրողներու 19,4 տոկոսը:

«Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան համառուսաստանեան կեդրոնի» ղեկավարը   լրագրողներուն յայտնեց, որ իրենց կանխատեսումներով   խորհրդարանէն ներս ներկայացուած կ’ըլլան 4-5 քաղաքական ուժ:

Հայկական սոցիոլոգիական ընկերաբանական միութեան նախագահ Գէորգ Պօղոսեանի խօսքով, միշտ չէ, որ նման հարցումներու արդիւնքները արժանահաւատ են ու կը համապատասխանեն միջազգային չափանիշներուն:

Այս արդիւնքները եթէ հաստատուին Ապրիլ 3-ին ու իշխող հանրապետական կուսակցութիւնը  մնայ  20 տոկոսի սահմաններուն մէջ, ապա ան մեծ դժուարութիւն պիտի ունենայ կառավարութիւն, կազմելու, նկատի առնելով որ մնացեալ բոլոր կուսակցութիւնները, ի բացառեալ դաշնակցութենէն, կը յայտարարեն, որ պատրաստ չեն ընտրութիւններէն ետ ՀՀԿ-ի հետ քոալիսիոն կառավարութեան կազմին մէջ մտնելու:

Այս բոլորի կողքին կը մնայ միակ անորոշութիւնը կապուած այն իրողութեան հետ, որ իշխանութիւնները կրնան վերջին պահուն դիմել զանգուածային կեղծիքներու` պահպանելու համար իրենց մեծամասնութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment