Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան «Եթէ Արեւմուտքը Չփոխէ իր Քաղաքականութիւնը, Եւրոպացիները Չեն Կրնար Իրենց Ապահով Զգալ Աշխարհի Մէջ»

Էրտողան «Եթէ Արեւմուտքը Չփոխէ իր Քաղաքականութիւնը, Եւրոպացիները Չեն Կրնար Իրենց Ապահով Զգալ Աշխարհի Մէջ»

by MassisPost

Ֆաշիզմի հետ աղմկայարոյց համեմատութիւններէն ետք Թուրքիոյ նախագահը հիմա ալ անցած է յստակ սպառնալիքներու. «Եթէ Արեւմուտքը չփոխէ իր քաղաքականութիւնը, եւրոպացիները չեն կրնար իրենց ապահով զգալ աշխարհի մէջ»,- այսօր Անգարայի մէջ յայտարարած է Ռեճեփ Էրտողանը՝ առանց ըսածը մանրամասնելու:

«Եթէ շարունակէք ձեզ այսպէս պահել, վաղը աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ, որեւէ եւրոպացի, Արեւմուտքի որեւէ ներկայացուցիչ, չի կրնար փողոցը ապահով քալել: Եթէ որոշէք բռնել այս վտանգաւոր ճանապարհը, վնասները մեծ պիտի ըլլան: Մենք՝ թուրքերս, կոչ կ’ընենք Եւրոպային՝ յարգել ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնը»,- սպառնացած է Թուրքիոյ նախագահը եւ շարունակած՝ «Թուրքիան այն երկիրը չէ, որուն կրնաք այս ու այն կողմ հրել, դուք մեր երկրի արժանապատուութեան ու պատուին հետ չէք կրնար խաղալ՝ մեր նախարարներուն վտարելով»:

Աւելի վաղ Էրտողանը պնդած էր, թէ 16 ապրիլի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք պաշտօնական Անգարան արմատապէս պիտի փոխէ վերաբերմունքը Պրիւքսէլի նկատմամբ: Ի պատասխան, Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հաննը երէկ զգուշացուցած էր՝ այս քայլերով Թուրքիոյ անդամակցութիւնը կը դառնայ աւելի ու աւելի անիրատեսական:

Այսօր ալ Գերմանիոյ նորընտիր նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը երդմնակալութենէն անմիջապէս ետք թուրք գործընկերոջը դիմած է: «Նախագահ Էրտողան, մի՛ ոչնչացնէք այն ամէնը, ինչ դուք, այլոց օժանդակութեամբ, կառուցած էք այսքան ժամանակ: Մենք կ’ակնկալենք լարուածութիւնը մեղմելու վստահելի ազդակներ: Վե՛րջ տուէք նացիզմի հետ ձեր համեմատութիւններուն: Մի՛ կտրէք կապերը այն մարդոց հետ, որոնք, մեզ նման, կ’ուզեն համագործակցել Թուրքիոյ հետ: Յարգեցէ՛ք օրէնքի գերիշխանութիւնը, մամուլի եւ լրագրողներու ազատութիւնը»,- նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք իր առաջին ելոյթին յայտարարած է Շթայնմայերը՝ աւելցնելով․ «Այսօրուայ Թուրքիան այն երկիրը չէ, որու հետ Գերմանիան սերտ յարաբերութիւններ ունէր տասնամեակներ առաջ, երբեմնի ջերմ այդ յարաբերութիւնները վտանգի տակ են հիմա»:

Տեղական աղբիւրներն հաղորդած են, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը անցած կէս տարուայ ընթացքին 11 անգամ արդէն մերժած է զէնք-զինամթերք մատակարարելու՝ Անգարայի խնդրանքները: «Պունտէսթակ»-ի ձախակողմեան պատգամաւորներէն մէկուն հարցին ի պատասխան, Տնտեսութեան նախարարութիւնը պարզաբանած է՝ Թուրքիային զէնք չեն տրամադրեր, քանի որ մտավախութիւն ունին, որ Էրտողանի վարչակազմը այն կ’օգտագործէ ներքին բռնաճնշումները սաստկացնելու կամ քիւրտերու դէմ պայքարելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment