Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Արթուր Սարգսեանը Պէտք է Յուղարկաւորուի Եռաբլուրի Պանթէոն»- Նստացոյց Սկսած Քաղաքացիներ

«Արթուր Սարգսեանը Պէտք է Յուղարկաւորուի Եռաբլուրի Պանթէոն»- Նստացոյց Սկսած Քաղաքացիներ

by MassisPost

Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առած է «Հաց բերող» անունը ստացած Արթուր Սարգսեանի յիշատակին նուիրուած հաւաքը:

Հաւաքի նախաձեռնողներէն Շանթ Յարութիւնեանի որդին՝ Շահէն Յարութիւնեանը ներկայացնելով իրենց պահանջները, ըսած է, թէ Արթուր Սարգսեանը պէտք է յուղարկաւորուի Եռաբլուրի պանթէոն եւ բացի այդ պատասխանատուութեան ենթարկուին անոր մահուան հետ ուղղակի կամ անուղղակի առնչութիւն ունեցող բոլոր մարդիկ:
Ան նաեւ նշած է, որ իրենց պահանջները ի կատար ածելու համար, պիտի դիմեն բոլոր միջոցներուն՝ երթերով ու պահանջներով, նաեւ  նստացոյց պիտի ընեն՝ բայց յուղարկաւորութենէն ետք:

Այնուհետեւ, Ազատութեան հրապարակէն մեկնարկած է «Հաց բերող» Արթուր Սարգսեանի յիշատակին նուիրուած երթը՝ դէպի Մաշտոցի պողոտայ, ուրկէ ալ հասած են Հանրապետութեան հրապարակ: Հանրապետութեան Հրապարակի մէջ  քանի մը երիտասարդներ նստացոյց  սկսած են:
Այնուհետեւ երթի մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակէն շարժած են դէպի Ազատութեան հրապարակ: Ազատութեան հրապարակ երթալու ժամանակ Շահէն Յարութիւնեան դիմելով ժողովուրդին, ըսած է, որ երթի մասնակիցներէն ոմանք  դէպի Մելիք Ադամեան՝ Հանրապետական կուսակցութեան գրասենեակի մօտ ուղղուած են: Ան առաջարկած է երթալ այնտեղ եւ հոն գտնուողներուն հետ վերադառնալ Ազատութեան հրապարակ: Յետոյ քննարկման արդիւնքով որոշուած է  ուղիղ Ազատութեան հրապարակ երթալ, քանի որ Մելիք Ադամեան գացողները վերադարձած էին այնտեղ:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները որոշած են Շաբաթ օր ժամը 18.00-ին դարձեալ հանդիպիլ Ազատութեան հրապարակ։ Շահէն Յարութիւնեանը նստացոյց ընելու առաջարկ հնչեցուցած է, որմէ ետք հարթակ բարձրացած է, իրեն միացած են որոշ քաղաքացիներ։

Շահէն Յարութիւնեանը յայտարարած է, որ շաբաթ օր թռուցիկներ պիտի բաժանուին, ինչպէս նաեւ ֆէյսպուքեան «event» պիտի բացուի՝ յառաջիկայ քայլերու վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութիւն հաղորդելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment