Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Թրանսփարընսի Ինթըրնաշնըլ» – ՀՀԿ-ն Բազմիցս Չարաշահած է Վարչական Միջոցները

«Թրանսփարընսի Ինթըրնաշնըլ» – ՀՀԿ-ն Բազմիցս Չարաշահած է Վարչական Միջոցները

by MassisPost

Ըստ ԹԻ հակակաշառակերութեան կեդրոնի կատարած ուսումնասիրութեան, ընտրակաշառքներ բաժնած են նաեւ որոշ ոչ իշխանական համարուող ուժեր:

«Թրանսփարընսի Ինթըրնաշնիլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնը նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկէն մինչ այսօր վարչական միջոցներու չարաշահման բազմաթիւ դէպքեր արձանագրած է։ Ուսումնասիրութեան հեղինակներու խօսքով՝ հիմնական իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնն է չարաշահումներ թոյլ տուողը։

«Տարածքային եւ տեղամասային ընտարական յանձնաժողովներու անդամներու մասնակցութիւն քարոզարշաւին, 10 այդպիսի դէպք գրանցուած է, երբ պետական, մարզային եւ համայնքային պաշտօնեաներ իրենց աշխատանքային ժամերուն մասնակցած են կամ շտաբներու աշխատանքներուն կամ միջոցառումներուն: Ուսումնական հաստատութիւններու, մանկավարժական կազմի աշխատողներու մասնակցութիւն, 6 այդպիսի դէպք  նկատուած  է լրատուամիջոցներու եւ դիտարկողներու կողմէ:

Եղած է 13 դէպք, երբ խոչընդոտներ եղած են ոչ իշխանական ուժերուն շտաբներ տրամադրելու կամ միջոցառումներ կազմակերպելու հարցին: Սա նոյնպէս վարչական ռեսուրսի չարաշահում է: Իշխող կուսակցութեան նախընտրական շտաբներու տեղակայում պետական կամ համայնքային մարմիններուն մէջ,  դէտերը գրանցած են 2 այդպիսի դէպք: Նաեւ՝ այլ նպաստներ յօդուածով դուրս գրուած են գումարներ եւ բաժնուած անապահովներուն»,- թուարկած ԹԻ կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանը:

Անոր ներկայացմամբ, եղած են ուղղակի եւ անուղղակի չարաշահումներ, այդ շարքին՝ ինչպէս պետական միջոցները որպէս ընտրակաշառք տրամադրելը, այնպէս ալ ուսուցիչներու եւ տնօրէններու վրայ ճնշումներ գործադրելը։ Ըստ կատարուած ուսումնասիրութեան, վարչական ռեսուրսը չարաշահած է նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը։

«Առաւել յայտնի դէպքը, եթէ կը յիշէք, Սիւնիքի մէջ վարչապետի մասնակցութիւնն էր: ԿԸՀ-ն պարզաբանումով հանդէս եկաւ, բայց միջազգային մեթոտաբանութեամբ, չափանիշներով, այդ մէկը վարչական ռեսուրսի խախտում կրնայ դիտարկուիլ»,- ըսած է ԹԻ կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավարը:

Չարաշահումներէն բացի, ԹԻՀԿ-ն արձանագրած է նաեւ այլ խախտումներ, որոնք թոյլ տուած են նաեւ ոչ իշխանական ուժերը։ Ըստ Հոկտանեանի, Հանրապետականէն բացի, ընտրակաշառնքեր բաժնած են նաեւ «Ծառուկեան դաշինքը», «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւնը, խօսակցութիւններ կան նաեւ ՕՐՕ դաշինքի հետ կապուած:

«Ծառուկեան դաշինքի» անդամ Դաւիթ Որսկանեանը Վարուժան Հոկտանեանէն պահանջած է ներկայացնել փաստեր։ Վերջինս խոստացած է անոնք հրապարակել աւելի ուշ։

ԹԻ հակակոռուպցիոն կեդրոնը ուսումնասիրած է նաեւ Ոստիկանութեան հրապարակած ընտրացուցակները՝ յայտնաբերելով անճշտութիւններ։

«Քանի որ Հայաստանէն դուրս գտնուողներ ալ կան, որոնք արտագաղթած են բարձր տարիքին, չի բացառուիր, որ անոնք այլեւս կենդանի չեն, բայց ցուցակին մէջ կան: Միւսը՝ ըստ հասցէներու․ ընտրողներ՝ առանց հասցէի եւ բնակարանի տուեալներու, կամ ընտրողներ, որոնց ծննդեան օրը կամ ամսաթիւը չկայ»,- ըսած է Վարուժան Հոկտանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment