Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հակառակ Արտագաղթին, Հայաստանի ՄԷջ Ընտրողներու Թիւը Աւելցած է 350 Հազարով

Հակառակ Արտագաղթին, Հայաստանի ՄԷջ Ընտրողներու Թիւը Աւելցած է 350 Հազարով

by MassisPost

Անկախութենէն ի վեր ահագնացող արտագաղթը ոչ մէկ կերպ չէ պակսեցուցած Հայաստանի ընտրողներուն թիւը: Հայաստանի նախագահական առաջին ընտրութիւններուն քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներուն թիւը  2 միլիոն 51 հազար էր: Քուէարկած էր  1,5 միլիոնը:

2012-ին ոստիկանութիւնը հրապարակած էր խորհրդարանի ընտրութիւններուն քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներու չլսուած թիւ` 2 միլիոն 501 հազար: Այդ պահի դրութեամբ 2008-էն Հայաստանի մէջ Ազգային վիճակագրութեան պաշտօնական տուեալներով Հայաստանէն անվերադարձ արտագաղթած էր 158 հազար մարդ:

2013-ի նախագահական ընտրութիւններուն, քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը գրանցած էր նոր ցուցանիշ` 2 միլիոն 509 հազար:

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանէն պաշտօնապէս անվերադարձ հեռացած  էր եւս 40 հազար հոգի: Սակայն ընդամէնը 10 օր առաջ ոստիկանութիւնը գրանցած է  Հայաստանի մէջ ընտրողներու նոր ցուցանիշ, որ 55 հազարով աւելի էր 2013-ի թիւէն`2 միլիոն 564 հազար մարդ:

Վերջին երեք տարիներուն արտագաղթի ցուցանիշները աւելցած են եւս 150 հազարով: Այսպիսով, 2008-էն ասդին Հայաստանէն պաշտօնապէս անվերադարձ հեռացած է 350 հազար մարդ, իսկ ընտրողներու թիւը այդ ընթացքին զարմանալիօրէն աւելցած է ճիշդ նոյնքանով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment