Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահի Պաշտօնին 3 Թեկնածու Առաջադրուած է

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահի Պաշտօնին 3 Թեկնածու Առաջադրուած է

by MassisPost

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն ներս 15 Մարտին 30 հոգինոց հոգեւորականներու յանձնաժողովի կողմէ տեղի պիտի ունենայ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններ։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»-ը, Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններուն որպէս թեկնածու առաջադրուած են Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, արք․ Գարեգին Պէքչեանը,  Պոլսոյ հայոց փոխպատրիարք, արք․ Արամ Աթէշեանն ու Պատրիարքարանի կրօնական ժողովի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը։

Կը նշուի, որ 15 Մարտի երեկոյեան պիտի յայտարարուին ընտրութեան արդիւնքները։

Նշենք, որ 24 Փետրուարին Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է իրականացնել Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւն, որմէ ետք ընտրուած տեղապահը պէտք է զբաղուի պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment