Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անկելա Մերքէլ «Պունտէսթակ»-ի Մէջ Ունեցած Ելոյթին Խստօրէն Քննադատած է Անգարան

Անկելա Մերքէլ «Պունտէսթակ»-ի Մէջ Ունեցած Ելոյթին Խստօրէն Քննադատած է Անգարան

by MassisPost

Պաշտօնական Պերլինի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարեւոր են, սակայն, վերջին օրերուն Անգարայէն հնչող յայտարարութիւնները այն մասին, թէ ժամանակակից Գերմանիոյ քաղաքականութիւնը ոչնչով կը տարբերի նացիստական իշխանութիւններու քաղաքականութենէն, անընդունելի են:

Ելոյթ ունենալով գերմանական խորհրդարանի ստորին պալատի` «Պունտէսթակ»-ի անդամներու առջեւ, այսօր նման յայտարարութիւն ըրած է Գերմանիոյ դաշնային վարչապետ Անկելա Մերքէլ: «Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նացիոնալ-սոցիալիզմի դարաշրջանին բնորոշ գործելաոճ որդեգրելու մասին յայտարարութիւնները որեւէ արդարացում չունին:

Անոնք չեն արդարացուիր անգամ կառավարման նախագահական համակարգի օգտին իրականացուող այն քարոզարշաւին, որ ծաւալուած է Թուրքիոյ մէջ: Ես կոչ կ’ընեմ  թուրք քաղաքական գործիչներուն՝ զերծ մնալ նման յայտարարութիւններէն, քանի որ անոնք վայել չեն քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու այն մակարդակին, որ գոյութիւն ունի Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ: Այս յայտարարութիւնները վշտացնող են ու ընկճող, անոնք նուաստացուցիչ են Հոլոքոսթի զոհերու համար եւ, ըստ իս, լուրջ մեկնաբանութեան անգամ արժանի չեն», – յայտարարած է Մերքէլ:

Պերլինի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ հերթական ճգնաժամը ծագած է այն բանէն ետք, երբ Գերմանիոյ իշխանութիւնները արգիլած են թուրք պաշտօնեաներուն՝ հանդիպում ունենալ ԳԴՀ-ի մէջ բնակող թրքական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ՝ 16 ապրիլին կայանալիք սահմանադրական հանրաքուէի քարոզչութեան ծիրէն ներս:

Անցած կիրակի Պոլսոյ մէջ, անդրադառնալով գերմանական իշխանութիւններու գործողութիւններուն, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած էր․ «Գերմանիա, դուն որեւէ առնչութիւն չունիս ժողովրդավարութեան հետ: Քու բոլոր գործողութիւնները ոչինչով կը տարբերին նացիստական շրջանի քաղաքականութենէն»:

Թուրք պաշտօնեաներու հնչեցուցած այս կոշտ յայտարարութիւններու ֆոնին տակ, սակայն, Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն ընդգծել` Թուրքիոյ հետ կապերու վերջնական խզումը կը հակասէ երկրի եւ ողջ Եւրոպայի շահերուն: «Դեռ երբեք մեր հակասութիւնները այսքան զգալի չեն եղած: Միւս կողմէ, սակայն, Եւրոպան եւ Թուրքիան ընդհանուր լուրջ շահեր ունին: Մեր տեսանկիւնէն արժէ  ամէն ինչ ընել՝ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար: Այդ մէկը սակայն, պէտք է ըլլայ մեր դաւանած արժէքներուն  հիման վրայ եւ մեր յստակ ակնկալիքներով»,- նաեւ յայտարարած է Անկելա Մերքէլը՝ իր ելոյթին մէջ:

Մերքէլի այս խօսքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առաջին արձագանգը, մինչդեռ, առանձնապէս չէ տարբերուած շաբաթասկիզբին հնչեցուցած յայտարարութիւններէն: Մերքէլի ճառէն քանի մը ժամ անց Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը փոքր-ինչ քօղարկուած ձեւով կրկնած է Էրտողանի վիճայարոյց յայտարարութիւնը: «Մենք գերմանական կառավարութեան որպէս նացիստական չէինք որակած: Մենք պարզապէս նկատած էինք, որ անոնց գործողութիւնները կը յիշեցնեն նացիզմի դարաշրջանը»,- յայտարարած է Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment