Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Շատ Կ’ուզեմ, որ Բանակի մէջ Կիները Հաւասար Հնարաւորութիւններ Ունենան». Վիգէն Սարգսեան

«Շատ Կ’ուզեմ, որ Բանակի մէջ Կիները Հաւասար Հնարաւորութիւններ Ունենան». Վիգէն Սարգսեան

by MassisPost

Ուսադիր կրելը կնոջ համար հեշտ գործ չէ, բայց ոչ թէ այն պատճառով, որ անոնք տղամարդոց համեմատած թոյլ են, այլ որովհետեւ անոնց վրայ կրկնակի բեռ կայ, իսկ ծառայութիւնը կ’ենթադրէ երբեմն առանց հանգստեան օրերու նուիրում: Այս մասին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս, 7 Մարտին Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած տօնական միջոցառման ժամանակ նշած է նախարար Վիգէն Սարգսեանը:

Միջոցառման մասնակցած են կին զինծառայողներ, զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինծառայողներու հարազատներ, ժամկէտային զինծառայողներու մայրեր, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցող հասարակական կազմակերպութիւններու կին ներկայացուցիչներ:

Տօնի կապակցութեամբ իր շնորհաւորական խօսքին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, անդրադառնալով հասարակութեան եւ ընտանիքի մէջ կնոջ դերին, շեշտած է, որ կանայք իրենց ուսերուն կը տանին հսկայական բեռ, որ անհնար է որեւէ այլ բանի հետ համեմատել, հետեւաբար իւրաքանչիւր օր պէտք է կնոջ մեծարել, երախտագիտութիւն յայտնել, յարգել ու պատուել:

«Ես ուզում եմ խօսքս յղել յատկապէս այն կանանց, ովքեր ընտրել են շատ բարդ մասնագիտութիւն: Ուսադիր կրելը կնոջ համար հեշտ գործ չէ, բայց ոչ թէ այն պատճառով, որ դուք տղամարդկանցից որեւէ հարցով թոյլ էք, այլ որովհետեւ, ինչպէս նշեցի, ձեր վրայ կրկնակի բեռ կայ, իսկ ծառայութիւնը ենթադրում է երբեմն առանց հանգստեան օրերի այնպիսի նուիրում, որ յաճախ դա արւում է ձեր ընտանիքներին, ձեր ամուսիններին տրամադրուելիք ժամանակի հաշուին: Հենց դրա համար է ձեր գործը կրկնակի ծանր: Բայց ես խորապէս վստահ եմ, որ բանակն ամուր է ձեզանով, որովհետեւ ձեր ջերմութիւնը, ներկայութիւնն ուժ է հաղորդում տղամարդկանց եւ միեւնոյն ժամանակ սթափեցնող շատ կարեւոր գործօն ունի, որպէսզի տղամարդիկ աւելի զուսպ, շրջահայեաց ու խոհեմ լինեն իրենց գործերում եւ խօսքերում»,- ըսած է Վիգէն Սարգսեան, աւելցնելով, որ շատ կ’ուզէ, որ Զինուած ուժերուն մէջ կիներ ունենան հաւասար հնարաւորութիւններ, ինչ ունին տղամարդիկ: «Խօսքը ոչ թէ կանանց պարտադիր ժամկէտային զինծառայութեան ներդրման մասին է, այլ լիարժէք հնարաւորութիւնների, մասնագիտական աճի եւ պայմանների ստեղծման ու ապահովման մասին այն կանանց համար, ովքեր ցանկութիւն ունեն ծառայելու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment