Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Գործընկերութիւն Յանուն Բաց Հասարակութեան» Նախաձեռնութիւնը կը Փորձէ Պարզել Քաղաքական Ուժերու Դիրքորոշումները

«Գործընկերութիւն Յանուն Բաց Հասարակութեան» Նախաձեռնութիւնը կը Փորձէ Պարզել Քաղաքական Ուժերու Դիրքորոշումները

by MassisPost

60-էն աւելի հասարակական կազմակերպութիւններ ընդգրկող «Գործընկերութիւն Յանուն Բաց Հասարակութեան» նախաձեռնութիւնը համապետական ընտրութիւններէն առաջ քաղաքական ուժերուն 64 հարցէ բաղկացած հարցաշար ուղարկած է՝ մարդու իրաւունքներու, դատական համակարգի անկախութեան, քաղբանտարկեալներու առկայութեան, սոցիալ – տնտեսական վիճակի, Մարտի 1-ի հետընտրական իրադարձութիւններու եւ շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ:

Քաղաքական ուժերու պատասխանները նախաձեռնութեան հեղինակները պիտի հրապարակեն յառաջիկային, իսկ այսօր Գիւմրիի մէջ հանդիպում-քննարկում կազմակերպած էին՝ ճշդելու նաեւ քաղաքական ուժերու տեղի կառոյցներու դիրքորոշումը ընտրական գործընթացի վերաբերեալ:

Ընտրութիւններուն մասնակցող 9 կուսակցութիւններէն ու դաշինքներէն 3-ի ներկայացուցիչները կը մասնակցէին քննարկման:

Բանախօսներէն Հելսինկեան Կոմիտէի նախագահ Աւետիք Իշխանեանի կարծիքով մինչ օրս Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ չեն եղած, այլ պարզապէս քուէարկութիւն:

«Ընտրութիւն կատարում են քաղաքացիները, իսկ միայն քուէարկութիւն՝ հպատակները», – նշած է Իշխանեան, – «Արդեօ՞ք մենք չպիտի փորձենք այդ վիճակից դուրս գալ, որովհետեւ Հայաստանում 90-ական թուականներից ընտրութիւնները տարբեր մակարդակի կեղծելով՝ փորձում են մեզ դարձնել ուղղակի քուէարկող, ոչ թէ ընտրող»:

Ընտրակաշառքի, ընտրութիւններու արդիւնքներու վրայ անոր ազդեցութեան մասին ամենաշատը կը խօսուի այս օրերուն: Ընտրողներու մէկ մասը, ինչպէս ցոյց կու տան հարցումները, ընտրակաշառքի կը սպասէ:

Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները եւս խօսած են ընտրակաշառքի մասին: Աւելին՝ Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան դաշինքի տարածքային ցուցակին մէջ ընդգրկուած Յովհաննէս Ասոյեանը ընդգծած է. «Մենք լիայոյս ենք, որ ընտրակաշառքը իր դերը, ինչպէս կ’ակնկալենք, չի խաղար»:

Հայ Ազգային Գոնկրէսի ներկայացուցիչ Ժաննա Ժամակոչեանն ալ աւելցուցած է՝ իրենց խորհուրդ կը հարցնեն, թէ ընտրակաշառք որմէ վերցնեն:

Քանի դեռ պահանջարկ կայ, կ’ըլլայ նաեւ ընտրակաշառքի առաջարկ՝ այս կարծիքին է «Հայկական Վերածնունդի» ներկայացուցիչ Համլէթ Սարուխանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment