Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Բողոքի Ցոյց՝ ՀՀ-ի Պելառուսիոյ Դեսպանատան Առջեւ

Բողոքի Ցոյց՝ ՀՀ-ի Պելառուսիոյ Դեսպանատան Առջեւ

by MassisPost

Ալեքսանտր Լափշինին Ատրպէյճանին արտայանձնելու դէմ բողոքող մի քանի տասնեակ քաղաքացիներ այսօր պահանջներ հնչեցուցած էին Պելառուս դեսպանատան առջեւ։ «Հետ կանչել Պելառուսում Հայաստանի դեսպանին», «փակել Հայաստանում այդ երկրի դեսպանատունն ու սառեցնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Մինսկի հետ» եւ այլ կոչերով:

Լեռնային Ղարաբաղի դրօշներու ծածանումներով ու բողոքի վանկարկումներով ուղեկցուող ցոյցը, որուն նախաձեռնողը «Ելք» դաշինքն էր, տեւեց մօտ 30 վայրկեան։

Կոտայքի մարզի Առինջ գիւղի ծայրամասը գտնուող՝ Պելառուս դեսպանատունը հսկուած էր բազմաթիւ ոստիկաններու կողմէ։ Ցոյցը աւարտեցաւ առանց միջադէպերւ։ Ցուցարարներըն, չյաջողեցան հանդիպիլ դեսպանին հետ՝ Իգոր Նազարուկը տեղը չէր։ Ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան դեսպանատան աշխատակցին հասկնալի [ռուսերէն] լեզուով փոխանցեց քաղաքացիներու պահանջը։

Պելառուս դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց իրականացնող ընդդիմադիրները հայաստանեան իշխանութիւններէն յատկապէս պահանջած էին կոշտացնել Պելառուսիոյ հանդէպ քաղաքականութիւնն ու Մինսկէն  ետ կանչել Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատրեանը։ «Արցախ այցելած ու նրա առօրեան նկարագրող բլոգերին կալանաւորելով, Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային լրատուամիջոցներից մեկուսացնելու նախադէպ է ստեղծում»,- յայտարարեց պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան։

Իսրայէլի ու Ռուսիոյ քաղաքացի՝ 40-ամեայ Ալեքսանտր Լափշինին Ատրպէյճանին արտայանձնումը, ըստ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեանի, ի ցոյց կը դնէ նաեւ Ռուսիոյ անզօրութիւնը․ երկիր, որուն Հայաստանը իր անվտանգութեան երաշխաւորը կը համարէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment