Ռուս անուանի գրող, բեմադրիչ Կիմ Բակշին Հայաստանի ու հայ մշակոյթի հետ սերտ առնչութիւններու մէջ է աւելի քան յիսունհինգ տարի: Այդ ընթացքին ան մէկ տասնեակէ աւելի գիրքեր հեղինակած է, հինգ տասնեակէն աւելի ֆիլմեր ստեղծած է հայ մշակոյթի ու արուեստի մասին, այդ կարգին քսան մասով «Մատենադարան» վաւերագրական տեսաֆիլմը, որ ժամանակին արժանացած է բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցանակներու:
Շուրջ տասը տարի առաջ Արցախի իշխանութիւններու առաջարկով Բակշին գրած է «Արցախի հոգեւոր գանձերը» գիրքը, որ Սէրգէյ Սարգիսովի հովանաւորութեամբ լոյս տեսած է Մոսկուա: Աւելի ուշ, մոսկուաբնակ Սուրէն Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, հրատարակուած է նաեւ գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը` Ժուլիեթա Ղազարեանի թարգմանութեամբ:
1500 տպաքանակով լոյս տեսած այս հրատարակութիւնը, ինչպէս այսօր հրաւիրած ասուլիսին ցաւով նշեցին նախագծի հեղինակ Սուրէն Սարգսեան, լուսանկարիչ Յակոբ Պէրպէրեան եւ թարգմանիչ Ժուլիեթա Ղազարեան, տարածման առումով մատնուած է անտարբերութեան:
Սուրէն Սարգսեան ըսաւ, որ դիմած են ամենատարբեր պետական մարմիններու` գիրքի տարածման աջակցելու ակնկալիքով: Պատասխաններ ստացած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն, Մշակոյթի, Կրթութեան եւ գիտութեան, Տարածքային կառավարման նախարարութիւններէն, որոնց համատեղ ջանքերով գնուած է գիրքի 300 օրինակ:
Լուսանկարիչ Յակոբ Պէրպէրեան ըսաւ. «Արտասահմանցիները որ տեսնում են, ասում են` վայ, սա մեզ շատ պէտք ա, որտեղի՞ց կարելի ա գնել… Մեզ անհրաժեշտ ա մեր պայքարի համար անգլերէնը»:
Նշենք, որ «Արցախի Հոգեւոր Գանձերը» գիրքը կը վաճառուի տասնհինգ հազար դրամով:
Ելլելով 85-ամեայ Կիմ Բակշիի նկատմամբ յարգանքէն ու Արցախի հարցով այս գիրքի կարեւորութենէն` նախագծի աշխատակազմը որոշած է դիմել Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանին: