Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «80 Միլիոն Բնակչութիւն Ունեցող Իրան Կրնայ Լաւ Շուկայ Դառնալ Հայ Արտադրողներուն Համար»,- Մոհսէն Պաղին

«80 Միլիոն Բնակչութիւն Ունեցող Իրան Կրնայ Լաւ Շուկայ Դառնալ Հայ Արտադրողներուն Համար»,- Մոհսէն Պաղին

by MassisPost

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ՝ կայացած է սննդարդիւնաբերութեան ոլորտի 50-էն աւելի հայկական ընկերութիւններու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն ժամանած «Արաս» ազատ տնտեսական գօտիի պատուիրակութեան հանդիպումը։ Իրանական ազատ տնտեսական գօտիի ղեկավարութիւնը արտադրողներուն ներկայացուցած է դէպի Իրան հայկական արտադրանքի ներմուծման ընթացակարգերը, «Արաս»-ի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւններն ու պատասխանած գործարարներուն յուզող հարցերուն։

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի Արտահանման գծով տնօրէն Հայկ Միրզոյեան յոյս յայտնած է, որ հանդիպումը արդիւնաւէտ կ’ըլլայ երկու կողմերուն համար՝ նպաստելով յառաջիկային յաջող համագործակցութեան։ «Արաս» ազատ տնտեսական գօտի գործադիր տնօրէն եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Մոհսէն Խատեմ Արաբ Պաղի նկատած է, որ 80 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Իրանը կրնայ լաւ շուկայ դառնալ հայ արտադրողներուն համար։

Թարմ եւ չոր պտուղ-բանջարեղէնի վերամշակմամբ զբաղող «Ագրոլոգ» ընկերութեան տնօրէն Տիգրան Ծատուրեան կը կարծէ, որ ինչպէս Եւրոպայի, այնպէս ալ Իրանի մէջ այս արտադրանքի պահանջարկը բաւականին մեծ է։ Գիւղատնտեսութեան մէջ անասուններու կերերի յաւելում եւ հողերու բարելաւիչ համարուող բնական հալաքարի արտադրութիւն ծաւալող «Zeolite Pro» ընկերութեան տնօրէն Ահարոն Չիլինկարեանի խօսքով՝ հետաքրքրուած են Իրանի մէջ իրենց արտադրանքը իրացնելու հնարաւորութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment