Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հրանդ Տինք Ոգեկոչուեցաւ Համագաղութային Ներկայութեամբ

Հրանդ Տինք Ոգեկոչուեցաւ Համագաղութային Ներկայութեամբ

by MassisPost

Հակառակ կլիմայական խիստ աննպաստ պայմաններուն, Հրանդ Տինքի տարելիցը նշելու համար ընտրանի հասարակութիւն մը ներկայ եղաւ Կիրակի Յունուարի 21-ին Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութեան հանդիսասրահը:

Հրաւիրեալներու մէջ կը գտնուէին Արեւմտեան Թեմի Հայց. Եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրէտէրեան,  Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան,  Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան տնօրէն` Վեր. Պերճ Ճամպազեան, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Խոտանեան (ՍԴՀԿ), Տօքթ. Ռաֆֆի Պալեան (ՌԱԿ), Ժան Գոսագեան (ՀՅԴ) եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Բեմի վրայ զետեղուած նահատակ Հրանդ Տինքի մեծադիր նկարը տիրապետող ներկայութիւն մըն էր սրահին մէջ:

Պոլսահայ Միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տօքթ. Յովհաննէս Գուլակի բարիգալուստի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն, ապա տեղւոյն հոգեւորականներու մասնակցութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Օրուան հանդիսավար` Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտվին Մինասեան,  հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի համամարդկային ազատամիտ եւ ժողովրդավարական գաղափարներուն, ինչպէս նաեւ  Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս հայ  ժողովուրդի արդար դատի պաշտպանութեան ի խնդիր անոր ունեցած խիզախ արտայայտութիւններուն:

Գալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօսուհի փրոֆ. Ասլը Պալի իր ելոյթին մէջ շեշտեց «Ակօս»ի  խմբագիր Հրանդ Տինքի գաղափարախօսութեան դրական անդրադարձին յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իր ունեցած ներդրումին« միաժամանակ քննադատեց Թուրքիոյ մէջ պատրաստուող նոր սահմանադրութեան բովանդակութիւնը:

Պոլսոյ Սապանճը համալսարանի նախկին դասախօս եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հետազօտութիւններու հեղինակ` գիտաշխատող Իւմիթ Գուրթ` խօսեցաւ «Պատմաբանի մը ուղեւորութիւնը» նիւթին շուրջ: Ան նշեց որ մօտէն հետեւած է Հրանդ Տինքի քայլերուն ու գաղափարախօսութեան գտած լայն ժողովրդականութեան: Իր եզրակացութեան մէջ ընդգծեց. «Հրանդի ձգած աւանդը պիտի ունեցայ իր հետեւորդները»:

Գալիֆորնիոյ Հայ Իրաւաբաններու Միութեան նախկին ատենապետ Կարօ Ղազարեան իր ելոյթին մէջ դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ եղած կաշկանդումներն ու լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու անտեղի բանտարկութիւններն ու ազատ խօսքի եւ դեմոկրատական սկզբունքներու ոտնահարումները: Ապա դրուատեց Հրանդի գծած ուղին, որմէ կ’ընթանան Կարօ Փայլանն ու բազմահազար այլ  հետեւորդներ:

Պոլսահայ Միութեան Հրանդ Տինքի Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարութեան Տարեկան Շքանշանը, յատուկ արարողութեամբ մը,  շնորհուեցաւ պոլսահայ լրագրող «Ակօս» թերթի նախկին գործադիր խմբագիր Արիս Նալճըին:

Երիտասարդ լրագրող Արիս Նալճըն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իրեն ի պատիւ եղած յարգանքին համար, ըսաւ. «Այս մէկը զիս նոր պարտաւորութիւններու առջեւ կը դնէ, զօրավիգ կանգնելու ի նպաստ դեմոկրատիայի եւ արդարութեան յաղթանակին: Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակին  էջ Հրանդ Տինքի առաքելութիւնն ու գաղափարախօսութիւնը կը շարունակուի»:

Հանդիսութեան մասնակից զեկուցողները, կարճ ժամանակի մը համար, բեմին վրայ իրենց տեղը գրաւելով, պատասխանեցին ներկաներու կողմէ ուղղուած հարցումներուն:

Այս առթիւ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը մասնակցութեամբ Դոկտ. Այշէ Թաշբընարի (դաշնամուր) եւ Ալպըրթ Վարդանեանի (տուտուկ):

Իր փակման խօսքին մէջ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ի մէջ այլոց յարեց. «Պատմութեան մէջ կան անուններ, որոնք պատմութիւն կը դառնան, Հրանդ Տինք այդպիսին էր: Ինք արդարութեան եւ ազատութեան խորհրդանիշն էր: Իր պատգամն այն է որ մենք մեր արդար դատին պահանջատէրը պէտք է դառնանք»:

Սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ սոյն յիշատակի հանդիսութիւնը:

Գ. Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment