Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կարէն Կարապետեան Տիմիթրի Մետւետեւը Հրաւիրած է Երեւան

Կարէն Կարապետեան Տիմիթրի Մետւետեւը Հրաւիրած է Երեւան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետի Ռուսաստանի Դաշնութիւն կատարած պաշտօնական այցի շրջանագիծէն ներս, տեղի ունեցած է երկու երկիրներու կառավարութիւներու ղեկավարներու` Դմիտրի Մետւետեւի եւ Կարէն Կարապետեանի հանդիպումը ընդլայնուած կազմով` պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

ՀՀ կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ  հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, աշխատանքային նախաճաշի ընթացքին, քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ:

«Ռուսիա ու Հայաստան կրնան ներդրումային համագործակցութեան յատուկ ֆոնտ ստեղծել», ըսած է ՌԴ վարչապետ Տիմիթրի Մետւետեւ։

«Մենք պայմանաւորուած ենք, որ գերատեսչութիւններուն հնարաւորութիւն կու տանք վերլուծել նման ֆոնտ ստեղծելու հնարաւորութիւնը եւ անոր ֆինանսաւորման աղբիւրները»,– աւելցուցած է Մետւետեւ ։

ՌԴ վարչապետի խօսքով՝ Ռուսիա ու Հայաստան գիւղարդիւնաբերութեան համալիրին մէջ համագործակցութեան զարգացման լաւ ներուժ ունին։

Կարէն Կարապետեան Տիմիթրի Մետւետեւ ին հրաւիրած է պատասխան այցով գալ Երեւան։ «Օգտուելով առիթից՝ ուզում եմ Ձեզ պաշտօնական այցով հրաւիրել Երեւան»,– ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment