Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ն՝ Սէյրան Օհանեանի Մասին «Մէկ Օրուան Մէջ Արմատական Ընդդիմութիւն Չեն Դառնար»

ՀՀԿ-ն՝ Սէյրան Օհանեանի Մասին «Մէկ Օրուան Մէջ Արմատական Ընդդիմութիւն Չեն Դառնար»

by MassisPost

20 տարի շարունակ իշխանութեան առանցքային պաշտօնները զբաղեցուցած անձը չի կրնար մէկ օրուան մէջ դառնալ արմատական ընդդիմութիւն: Այս մասին ընդգծեց իշխող Հանրապետական խմբակցութեան (ՀՀԿ) ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան:

Նշենք, որ ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին յայտարարած Սէյրան Օհանեան, դիմատետրի իր էջին պարբերաբար հանդէս եկած է տեսաուղերձներով, նշելով, թէ երկրին մէջ պէտք է արդար մրցակցութիւն ըլլայ:

«Իշխանութեան հանդէպ աճող հասարակական անվստահութիւնը չեն կարող բանակին թիկունք ապահովել։ Աղքատութեան մակարդակն արդէն հատել է ազգային անվտանգութեան համար վտանգաւոր ցուցանիշը։ <…> Օրէնքի առաջ անհաւասարութիւնը, անարդարութիւնը, համատարած կողմնապահութիւնը եւ դրանից բխող մշտական կոռուպցիան՝ իրենց փոքր ու մեծ հետեւանքներով, հենց բոլոր խնդիրների հիմքն են»,- յայտարարեց Օհանեան։

Չնայած իշխող Հանրապետականը պնդած է, թէ մէկ օրուան, կամ մէկ շաբաթուան մէջ գաղափարական ընդդիմութիւն չեն դառնար, իր տեսաուղերձով Սէյրան Օհանեան նաեւ այդ հարցին անդրադարձած  է, ակնարկելով, թէ իշխանութեան մէջ եղած ժամանակ չէր կրնար պայքարիլ պաշտպանութեան նախարարի իրաւասութենէն դուրս գտնուող խնդիրներու դէմ։

Խօսելով կաշառակերութենէն, իշխանութեան հանդէպ խորացող անվստահութենէն, արտագաղթէն ու ժողովուրդի յուսալքութենէն՝ Սէյրան Օհանեան քննադատած է նաեւ իշխանութեան ոչ ճիշդ քաղաքականութիւնը, ընդգծելով, թէ կարեւորած է, երբ մասնագէտները իրենց ճիշդ տեղերը յստակ եւ կարգապահ կ’աշխատին:

Թէ ինչո՞ւ երկար ժամանակ Սերժ Սարգսեանի խումբի անդամ եղած Սէյրան Օհանեան դարձաւ ընդդիմադիր, իշխող Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավարը հետեւեալ բացատրութիւնը տուած է՝ «նրանք, ովքեր փորձում են մտնել քաղաքականութիւն, իրենց վարկանիշի համար պէտք է տեղաւորուեն ընդդիմադիր դաշտում, քանի որ իշխանութեան դաշտն արդէն զբաղեցուած է»:

Պաղտասարեան յայտնեց, թէ մտավախութիւն չունի Սէյրան Օհանեանի շուրջ համախմբուած դաշինքէն, «բայց բոլորին լուրջ ենք վերաբերուում, մենք չենք թերագնահատում որեւէ մէկի ուժերը»,- ըսաւ ան, աւելցնելով, որ յաջողութիւն կը ցանկայ Ծառուկեանի դաշինքին:

Մամլոյ մէջ շրջանառուող տեղեկութիւններուն համաձայն, բացառուած չէ, որ ցուցակի առաջին թիւը զբաղեցնէ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան։ Թէեւ, ինչպէս ընդգծեց Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավարը, որեւէ պատճառ չկայ, որ իրենց նախընտրական ցուցակը գլխաւորէ կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment