Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խաչատուր Սուքիասեան Կ’ընդգրկուի՞ «Ելք» Դաշինքին

Խաչատուր Սուքիասեան Կ’ընդգրկուի՞ «Ելք» Դաշինքին

by MassisPost

Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու վերաբերեալ տարբեր ուժերու հետ քննարկումներ սկսած է «Սիլ»   ընկերութեան նախագահ, նախկին պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեան։ Այս տեղեկութիւնը հաստատած է նաեւ անոր մամլոյ խօսնակ Աննա Մկրտչեան։

Յայտնի է, որ քննարկումները ընթացած են նաեւ ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրեսի հետ, մինչդեռ երբ ԱԺ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան հիմնադրեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, կարծիքներ հնչեցին, թէ կուսակցութեան թիկունքին Խաչատուր Սուքիասեան այս միջոցով պիտի մտնէ խորհրդարան։ Նշենք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին «Ելք» դաշինքով։

Խաչատուր Սուքիասեանի հետ համագործակցութեան յայտնի պատմութիւն ունինք 2008-ին, նոյնիսկ «Երեւան կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ, այսինքն՝մեր անձնական յարաբերութիւններու պատմութիւնը որեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ:

Ինչ կը վերաբերի հետագային, կայ երկու բաղկացուցիչ. արդեօք Խաչատուր Սուքիասեան հետաքրքրուա՞ծ է այս դաշինքի գործընթացներուն մասնակցելով, եւ արդեօք դաշինքը հետաքրքրուա՞ծ է Խաչատուր Սուքիասեանին այս գործընթացներուն ներգրաւուելով։ Այս երկու հարցերէն որեւէ մէկուն պատասխանը այս պահին ես չունիմ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment