Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Human Righst Watch. Ոստիկանական Ուժի Անհամաչափ Կիրառում Հայաստանի Խաղաղ Ցուցարարներու Դէմ

Human Righst Watch. Ոստիկանական Ուժի Անհամաչափ Կիրառում Հայաստանի Խաղաղ Ցուցարարներու Դէմ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը 2016-ին մնացած է անհարթ ըստ Human Righst Watch կազմակերպութեան տարեկան զեկոյցին: Իշխանութիւնները անհամաչափ ուժ կիրառած են խաղաղ ցուցարարներու դէմ, յարձակած լրագրողներու վրայ, անհիմն քրէական գործեր յարուցած բողոքի ցոյցի առաջնորդներու եւ մասնակիցներու նկատմամբ: Կայուն խնդիր կը մնայ վատ վերաբերմունքը կալանավայրերուն մէջ, իսկ հետաքննութիւնները եղած են անարդիւնաւէտ:

Այլ մտահոգութիւններ են ընտանեկան բռնութիւնը, որ յաճախ անպատիժ կը մնայ, սեռական կողմնորոշմամբ եւ գենդերային ինքնութեամբ պայմանաւորուած բռնութիւնը եւ խտրականութիւնը, ինչպէս ան եւ ցաւազրկող դեղորայքի մատչելիութեան անհարկի սահմանափակումները՝ կեանքի տեւողութիւնը սահմանափակող հիւանդութիւններ ունեցող անձանց համար:

sari-tagh-3

Ոստիկանական ուժի անհամաչափ կիրառում

Յուլիսին, Հայաստանի իշխանութիւնները անհամաչափ ուժ կիրառած են կառավարութեան ընդդիմացող արմատական խումբին աջակցութիւն ցուցաբերող խաղաղ ցուցարարներուն դէմ, յարձակումներ գործած ցոյցերը լուսաբանող լրագրողներուն վրայ: Իշխանութիւնները կամայականօրէն կալանաւորած են բողոքի ցոյցի տասնեակ առաջնորդներու եւ մասնակիցներու՝ անոնց առաջադրելով անհիմն քրէական մեղադրանքներ, իսկ անոնցմէ ոմանց զրկելով կալանաւորի հիմնական իրաւունքներէն:

Յուլիս 29-ին ոստիկանութիւնը կիրառած է խլացուցիչ նռնակներ ոստիկանութեան գրաւուած գունդի հարեւանութեամբ հաւաքուած խաղաղ բազմութեան նկատմամբ՝ ցուցարարներուն պատճառելով առաջին եւ երկրորդ աստիճանի այրուածքներ եւ բեկորային վնասուածքներ: Ոստիկանութիւնը չէ փորձած կիրառել բազմութիւն վերահսկման՝ առաւել նուազ վտանգաւորութեան միջոցներ եւ որեւէ ողջամիտ ջանք չէ գործադրած բազմութեան ցրուելու կոչ ընելու կամ ուժ կիրառելու իրենց ծրագրերու մասին նախազգուշացնելու համար:

Իշխանութիւնները հետաքննութիւն սկսած են ոստիկանութեան յուլիս 29-ի գործողութիւններու առիթով: Աշխատանքէն ազատած է Երեւանի ոստիկանապետը, կասեցուած են չորս սպաներու լիազօրութիւնները մինչեւ քննութեան աւարտը, 13 ծառայող ստացած է նկատողութիւն։

Իշխանութիւնները զրկած են ձերբակալուածներէն շատերուն իրենց տարրական իրաւունքներէն, այդ կարգին իրենց ընտրութեամբ անյապաղ փաստաբան հրաւիրելու եւ հարազատներուն իրենց կալանաւորման եւ գտնուելու վայրի մասին տեղեկացնելու հնարաւորութենէն:

Յունուար 1-ին, ոստիկանութիւնը իբր ոստիկանի հանդէպ բռնութիւն գործադրելու համար ձերբակալած էր ընդդիմադիր Գէորգ Սաֆարեանին, «Հիմնադիր խորհրդարանի» անդամներու կողմէ կազմակերպուած հրապարակային միջոցառման ժամանակ տեղի ունեցած քաշքշուքի ընթացքին: Սարաֆեան հերքած է, որ յարձակած է սպայի վրայ:

Յունիսին իշխանութիւնները ձերբակալած են «Հիմնադիր խորհրդարանի» առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանին եւ վեց այլ անդամներու՝ զինուած յեղաշրջում նախապատրաստելու մեղադրանքով: Սեֆիլեան հերքած է այդ մեղադրանքները՝դրանք պայմանաւորելով քաղաքական դրդապատճառներով:

Յուլիսին ՊՊԾ գունդի զինուած գրաւման մէջ ներգրաւուած զինեալներն ի սկզբանէ պահանջած էին Սեֆիլեանի ազատ արձակումը եւ նախագահի հրաժարականը՝ պատանդներուն ազատ արձակելու դիմաց:

Կանանց իրաւունքներ

Չնայած այն վկայութիւններուն, որ կանանց հանդէպ բռնութիւնը տարածուած է, եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան խումբերու ու ընդդիմադիրներու հետեւողական պայքարի, Հայաստանը չունի ընտանեկան բռնութիւնը քրէականացնող օրէնք եւ չի վաւերացուցած Եւրոպայի խորհուրդի համագումարին կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ անոր դէմ պայքարի մասին: Ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան համագումարը հրապարակած է զեկոյց՝ փաստաթղթագրելով զուգընկերոջ եւ ընտանիքի անդամներու կողմէն կանանց սպանութեան 30 դէպք 2010-2015-ին ինկած ժամանակահատուածին մէջ։ Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ ընտանեկան բռնութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը չ’արտացոլէր ամբողջական պատկերը, իսկ բռնութիւնը հիմնականին կիրառուած է՝ մնալով անպատիժ: Միութեան անդամները ընտանեկան բռնութեան մասին ամէն տարի կը ստանան աւելի քան 2000 հեռախօսազանք:

Ցաւամոքիչ խնամք

Իշխանութիւնները շարունակած են քննարկել դեղատոմսերու դուրսգրման եւ գնումներու բարդ ու ժամանակատար ընթացակարգերու բարեփոխման հարցը, որ անհարկի խոչընդոտներ կը ստեղծէ առաջին անհրաժեշտութեան օփիոիդային դեղորայքի մատչելիութեան համար:

Սեռական կողմնորոշում եւ գենդերային ինքնութիւն

Ընդդիմադիրները հաղորդած են, որ միասեռականնները (ԼԳԲՏԻ) մարդիկ շարունակած են ենթարկուիլ խտրականութեան, ոտնձգութիւններու եւ ֆիզիքական բռնութեան: Կառավարութիւնը քայլեր չէ ձեռնարկած ԼԳԲՏԻ անձանց դէմ ատելութեան խօսքի կամ խտրականութեան վերաբերող հարցերու կարգաւորման ուղղութեամբ:

2015-ի հոկտեմբերին Rainbow ֆորումէն յետոյ, որ կազմակերպուած էր հայկական ԼԳԲՏԻ բարեկամական խումբերու կողմէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ խթանումը քննարկելու նպատակով, անյայտ անձինք թիրախաւորուած կերպով ահաբեկած ու սպառնացած էին որոշ մասնակիցներու:

Հիմնական միջազգային դերակատարներ

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտորդական առաքելութիւնը յայտարարած է, որ 2015-ի դեկտեմբերին՝ նախագահականէն խորհրդարանական կառավարման համակարգի փոխակերպման հանրաքուէի կայացումը «պայմանաւորուած է եղել քաղաքական շահերով, այլ ոչ Հայաստանի ժողովրդի կարիքներով»։ ԵԽԽՎ-ն քննադատած է ընտրացուցակներու անճշդութիւնը, ընտրակաշառքի մասին յայտարարութիւնները, վարչական աղբիւրներու չարաշահումները, անհաւասար մետիա դաշտը եւ շարժական քուէարկութեան բացակայութեան պարագային՝ հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց քուէարկելու հնարաւորութեան փաստացի բացառումը:

Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Զիատ Ռաատ ալ-Հուսէին քննադատած է իշխանութիւններուն իր աշխատակազմին լիարժէք հասանելիութիւն չապահովելու եւ կառավարութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան հետ լիարժէք համագործակցութիւնը խոչընդոտելու համար:

Մարտին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին ուղղուած իր զեկոյցին, Մանկավաճառութեան, երեխաներու մարմնավաճառութեան հարցերով ՄԱԿ-ի Յատուկ զեկուցող Մօտ տե Պէօր-Պուքիքիոն, արձանագրած է Հայաստանի առաջընթացը մարդկանց թրաֆիկինգի դէմ պայքարին, երեխաներու թիւի նուազումը խնամքի կեդրոններուն մէջ, եւ միջպետական որդեգրումներու սահմանափակումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment