Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ահաբեկեա՞լ, Թէ՞ Ահաբեկիչ Թուրքիան

Ահաբեկեա՞լ, Թէ՞ Ահաբեկիչ Թուրքիան

by MassisPost

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Ամիսներէ ի վեր ահաբեկչութիւնը կը հարուածէ Թուրքիան: Էրտողանի իշխանութիւնը կը ներկայանայ աշխարհին որպէս ահաբեկեալ: Զանազան դիմակներով եւ զինակցութիւններով գործող Էրտողանի Թուրքիան, նստած մերթ Ատլանտեան Ուխտի կողքին եւ մերթ ալ Ռուսիոյ, կը փորձէ խաբել աշխարհը եւ ծածկել իր իսկական երեսը` քօղ քաշելով իր ահաբեկիչի դէմքին, եւ կերպարանափոխուած` կ’ուզէ երեւալ ահաբեկեալ` աշխարհի աչքին:

Սիւննի Արաբիստանի ղեկը անարժանաբար իրեն տրուած Թուրքիան զոհն է իր սեփական նենգամտութեան ու չարամտութեան: Անոր ներկայ կրօնապաշտ քաղաքականութիւնը եղաւ պատճառ, որ ան դառնայ անցք կամ «թրանզիթ», օգնական ու պատսպարան բոլոր սիւննի ահաբեկիչներուն, որոնք իր սահմաններէն անցնելով դարձան փորձանք մարդկութեան: Առաւել` անոր միջնադարեան ծիծաղելի քաղաքականութիւն քարոզող Կրօնական Հարցերու Տեսչութիւնը (Directorate of Religious Affairs), կամ թրքերէնով «Տիանէթ»  կոչուող հաստատութիւնը, որ սերտ գործակից եւ համակիր կը նկատուի Էրտողանին, վերջերս Միւֆթի Մեհմեթ Կէօրմեզի յորդորը փոխանցելով Թուրքիոյ մէջ գործող աւելի քան ութսուն հազար մզկիթներուն, անոնց կը թելադրէր խստօրէն քննադատել Նոր Տարուայ տօնակատարութիւն կատարելը երկրին մէջ` պատճառաբանելով, թէ այդ տօնը խոտոր կը թուի եւ տեղ չունի թրքական բարքերուն ու սովորութիւններուն մէջ:

Իսթամպուլի Նոր Տարուայ գիշերուան ահաբեկչութենէն քանի մը օր առաջ, նկար մը լոյս տեսած էր թրքական «Հիւրրիէթ» թերթին մէջ, որ անմիջապէս ողողեց լրատուամիջոցները Թուրքիոյ եւ աշխարհի, որուն մէջ կաղանդ պապայի կերպարով անձ մը թուրք կերպարով երեւցող երեք մարդոց առջեւ ծռած ու գլխուն զէնք դրուած վիճակով ցոյց կը տրուէր: Կրօնապաշտութեամբ  տգէտ ու կարճամիտ մարդոց կողմէ շրջանառութեան դրուած այդ նկարը (գուցէ մեծ մասամբ Էրտողանի հետեւորդներ կամ համակիրներ) կը հրատարկուէր որպէս գործադրութիւն այն յորդորին, որ տրուած էր Թուրքիոյ Միւֆթի Մեհմեթ Կէօրմեզի եւ «Տիանէթ»-ի կողմէ Նոր Տարուայ վաղորդայնին:

Էրտողանի իշխանութիւնը նման նկար արտադրողներն ու տարածողները երկրին մէջ ատելութիւն սերմանող եւ ապահովութիւն խանգարող չնկատեց ու զանոնք հալածանքի չենթարկեց: Անդին, սակայն, նոյն այդ իշխանութիւնը աջ ու ձախ ձերբակալութիւններ կը կատարէր` պատժելու համար անոնք, որոնք, ըստ էրտողանեան տրամաբանութեան, «ատելութիւն կը սերմանէին եւ անապահովութիւն կը ստեղծէին երկրին մէջ»:

Մզկիթներու մէջ Էրտողանի բարեկամ մոլլաները երբ կը խօսէին «կիավուր»-ներու մասին եւ կը քննադատէին անոնք, որոնք պիտի տօնէին Նոր Տարին Ուրբաթին յաջորդ օրը (Շաբաթ գիշեր, երբ պատահեցաւ ջարդը «La Reina» գիշերային ակումբին մէջ), որքանո՞վ արդեօք մեղսակից կամ գործակից չէին այն ահաւոր ոճիրին, որ գործադրուեցաւ այդ ակումբին մէջ Ամանորի գիշերը: Ի՞նչ երեսով արդեօք կը խօսին անոնք աշխարհին այդ ծիծաղելի բայց վտանգաւոր «Տիանէթ»-ի յորդորը արձակելէն ետք`  ըսելու, թէ իրենք կը դատապարտեն այդ ահաբեկչութիւնը:  Ի՞նչ փաստ կը պակսի մարդս համոզելու, թէ այդ ոճիրէն մէկ օր առաջ մզկիթներու մէջ մոլլաներուն կողմէ տրուած գրգրիչ քարոզները,– որոնք կ’ըսէին թէ Նոր Տարին տօնելը մեղք է,– չծառայեցին որպէս դրդում ահաբեկիչին կամ ահաբեկիչներուն, որպէսզի Նոր Տարին Թուրքիոյ մէջ արիւնով թաթախուէր: Ոճրագործին կամ ոճրագործներուն կողմէ յաջողութեամբ պսակուած ահաբեկչութիւնը եւ անոնց փախուստ տալը կ’ենթադրէ, թէ հանրային մեղսակցութիւն կայ կատարուածին մէջ, ճիշդ այնպէս`  երբ անյայտ ոճրագործներ ետին կը կանգնէին Հրանդ Տինքի սպանութեան:

Էրտողան իր մատին ետեւ կը պահուըտի` երբ աշխարհին կ’ուզէ ցոյց տալ, թէ ինք զոհն է ահաբեկչութեան: Բռնատիրութիւնը, որուն պատճառաւ յառաջ կու գայ ահաբեկչութիւնը, կը կիրարկուի այսօր Թուրքիոյ մէջ ընդդէմ բոլոր փոքրամասնութիւններուն: Պետական ահաբեկչութեան համազօր աշխատանք կը տարուի այսօր ազգայնական քիւրտերուն դէմ` որոնք թուրք կոչուիլ չեն ուզեր, եւ քրիստոնեաներու դէմ` որոնք իրենց վարժարաններուն մէջ Նոր Տարի կ’ուզեն տօնել: Հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան քաջութիւնը ունեցած էր թրքական փարլամենթին առջեւ քննադատելու պետական արգելքը, որ դրուած էր հայ վարժարաններու մէջ կաղանդ պապայի եւ Նոր Տարուայ միջոցառումներու դէմ:

Էրտողանեան ահաբեկչութիւնն ու Իսլամական Պետութեան ահաբեկչութիւնը մէկ դրամի երկու երեսները կը ներկայացնեն: Եւ այդ դրամը շրջանառութեան դրուած է Թուրքիոյ մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment