Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հասան Ռոհանի՝ ԼՂ Հակամարտութիւնը Ռազմական Լուծում Չունի

Հասան Ռոհանի՝ ԼՂ Հակամարտութիւնը Ռազմական Լուծում Չունի

by MassisPost

«Ղարաբաղեան խնդիրը չունի ռազմական լուծում»: Այսօր այս մասին Երեւանի մէջ յայտարարեց պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ: 2013-ին, Իրանի նախագահի պաշտօն ստանձնելէն յետոյ Հասան Ռոհանիի առաջին այցն է Հայաստան:

«Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը մեր գործընկերներն են, եւ մենք յոյսով ենք, որ բանակցութիւններու ու քաղաքականութեան միջոցով Ղարաբաղի հարցով հնարաւոր կ’ըլլայ հասնիլ տեւական խաղաղութեան: Նման խաղաղութիւն կը բխի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերէն»,- Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ յայտարարեց Հասան Ռոհանի:

Սերժ Սարգսեան իր կարգին ընդգծեց, թէ կ’ողջունեն Ղարաբաղի հարցով Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը: «Մենք վերահաստատեցինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը չի կարող ունենալ ռազմական լուծում եւ շեշտեցինք տարածաշրջանում իրավիճակի լարուածութեան եւ անկայունութեան տարածմանն ուղղուած ցանկացած քայլի անթոյլատրելիութիւնը»,- ըսաւ Սերժ Սարգսեան:

Համագործակցութիւն տարածաշրջանային հարցերու նկատմամբ

Սարգսեան-Ռոհանի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային հարցեր, այդ կարգին՝ Սուրիոյ հակամարտութիւնը: Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ տարածաշրջանի կայունութիւնը երկու երկիրներուն համար խիստ կարեւոր է: Այդ բնագրով քննարկուած են նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հետ կապուած հարցեր: Ռոհանի ըսած է, որ Հայաստանն ու Իրանը այդ հարցով պէտք է աջակցին Սուրիոյ եւ Իրաքի իշխանութիւններուն: Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանին առաջին հերթին կը մտահոգէ յատկապէս Հալէպի հայ համայնքի անվտանգութեան ապահովման խնդիրը:

կենսուժ

Հասան Ռոհանի եւ Սերժ Սարգսեան հանդիպման ընթացքին քննարկած են նաեւ տնտեսական եւ կենսուժային հարցեր: Իրանի նախագահը, այսօր, Երեւանի մէջ շեշտեց, որ կենսուժի ոլորտին մէջ, լաւ յարաբերութիւններ ունին Հայաստանի հետ, սակայն, այս այցի ընթացքին որոշած են ա՛լ աւելի զարգացնել համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս, Հայաստան մատակարարուող կազի ծաւալներու աւելացման տեսքով:

«Այդ նաեւ կը վերաբերի Թուրքմէնիստանէն Իրանի միջոցով Հայաստան կազի արտահանման ծրագրին: Բացի այդ, նախատեսուած է ելեկտրականութեան փոխանակման ծաւալներու աճի ապահովում»,- ըսաւ Իրանի նախագահը՝ տեղեկացնելով, որ պիտի շարունակեն բարձրավօլթ էլեկտրագիծի կառուցման աշխատանքները:

Ուշագրաւ է Հասան Ռոհանիի այն արձանագրումը, թէ Հայաստանն ու Իրանը կրնան կապող օղակ հանդիսանալ Պարսից Ծոցի եւ Սեւ ծովեան տարածաշրջանի միջեւ, ինչ որ խթան կը հանդիսանայ երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկեցութեան եւ գործարքի աշխուժացման համար: Հայաստանի նախագահը իր կարգին շեշտեց, թէ այս հնարաւորութիւն կու տայ նուազագոյն երթեւեկային ծախսերով ապահովել իրանական բեռներու մուտքը՝ եւրոպական շուկայ:

Նշենք, որ ներկայիս Սեւ ծովեան տարածաշրջանը Պարսից Ծոցին կը միանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածքներով:

Առեւտուր եւ դրամատնային ոլորտ

Անդրադառնալով երկկողմ առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններուն, Իրանի նախագահը շեշտեց, թէ որոշած են աւելի դիւրին դարձնել համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս, իրանական «Արազ» ազատ առեւտուրի գօտիի տարածքին մէջ, որ կը գտնուի Հայաստանի հետ սահմանին եւ կրնայ մեծ հնարաւորութիւններ ընձեռել նաեւ հայաստանցի գործարարներուն: Ըստ Հասան Ռոհանիի, կողմերը նաեւ պայմանաւորուած են սերտացնել համագործակցութիւնը դրամատնային ոլորտին մէջ:

Համագործակցութիւն ԵՏՄ-ի մէջ

Հասան Ռոհանի, անդրադարձաւ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան, նշելով, թէ հետաքրքրուած են ԵՏՄ-ի հետ համագործակցութեամբ: Ան ըսաւ, որ այդ հարցով Հայաստանը մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ, աւելցնելով, որ կը ցանկան ԵՏՄ-ի հետ ազատ առեւտուրի համակարգ ունենալ:

Իրանի նախագահը ընդգծեց եւս, որ Հայաստանի նախագահի հետ հանդիպման ժամանակ բարձրացուցած է Արաքս գետի աղտոտման հարցը, տեղեկացնելով, որ Սերժ Սարգսեան խոստացած է աջակցիլ այդ հարցի լուծման:

Աւելցնենք, որ Սարգսեան ու Ռոհանի անդրադարձած են նաեւ երկու ժողովուրդներու «դարեր շարունակուող բարիդրացիական յարաբերութիւններուն»: Ռոհանի՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները մեծ ներուժ ունին, ըսած է.«Այդ ներուժը որոշ չափով միայն կ’օգտագործուի, եւ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի գալիք ամիսներուն եւ տարիներուն զայն օգտագործենք ամբողջութեամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment