Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Արտաքին Պարտքը Հաւանաբար Կ’աւելնայ Եւս 180 Մլն Տոլարով

ՀՀ Արտաքին Պարտքը Հաւանաբար Կ’աւելնայ Եւս 180 Մլն Տոլարով

by MassisPost

Կառավարութիւնը, այսօր, խորհրդարան բերած 3 նոր վարկային համաձայնագրերով կը պատրաստուի Հայաստանի արտաքին պարտքը եւս 180 միլիոն տոլարով աւելցնել։

Ֆինանսներու փոխնախարար Արմէն Հայրապետեան յայտարարեց, որ թէեւ այս վարկերու հաստատումէն յետոյ պետական պարտքը պիտի մօտենայ 6 միլիառ տոլարի շեմին, բայց Հայաստանը «նուազ պարտքային երկիր է»:

Նոր վարկային համաձայնագրերը ընդդիմադիրներու զայրոյթը յառաջացուցած էին:

«Պարտքը փակելու ճանապարհ չունէք, ուղղակի չունէք»,- ըսաւ Արամ Մանուկեան (ՀԱԿ):

Ամբողջ քննարկման ընթացքին ընդամէնը մէկ իշխանական պատգամաւոր խօսեցաւ՝ հանրապետական Սուքիաս Աւետիսեանը: Ան կրկնեց Ֆինանսներու փոխնախարարի խօսքերը, թէ՝ այս գումարով երկրի ֆինանսական կայունութիւնը պիտի ապահովեն:

Ընդդիմադիր պատգամաւորները եզրակացուցին, որ կառավարութիւնը պարզապէս գումար չունի, եւ տարբեր ծրագրերու համար վերցուած գումարը իրականին աշխատավարձերու, թոշակներու վճարման համար է։

ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Նաիրա Զօհրապեան հարց բարձրացուց, թէ ինչու կառավարութիւնը տնտեսական քաղաքականութիւնը չի փոխէր:

ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեան յայտարարեց, որ իրենց հաշուարկներով, այս տարի տնտեսական աճ գրեթէ չկայ, իսկ այս պայմաններուն մէջ վարկային փաստաթուղթ բերող Կառավարութիւնը պարզապէս ապագայի ռազմավարութիւն չունի եւ կը լուծէ օրուան խնդիրները:

Հեղինէ Պիշարեանի («Օրինաց երկիր») հարցին, թէ ինչպէս կառավարութիւնը թերութենէն պիտի խուսափի, Ֆինանսներու փոխնախարարը հակադարձեց, թէ թերութեան խնդիր չկայ։

Քննարկման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան պահանջած էր, որ փոխնախարարը յայտարարէ, թէ որքան է պիւտճէի պակասուրդը: Անոր պահանջին միացաւ նաեւ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, որմէ յետոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ պակասուրդը մօտ 60 միլիառ դրամ կը կազմէ։

Ֆինանսներու փոխնախարարը հակադարձեց, որ իրենք «թափանցիկ հարկային քաղաքականութիւն են վարում», վարկ վերցնելու զգուշութիւն կը ցուցաբերեն, կրճատած են պակասուրդը, իսկ ներդրումներու համար նպաստաւոր միջավայր ստեղծած են։

Կառավարութեան ներկայացուցիչը տնտեսական աճի մասին խօսելու պահուն նաեւ յաջողութեան մասին ալ կը խօսէր: Այս մէկը զայրացուց Նաիրա Զօհրապեանին․ ան մօտեցաւ ամպիոնին եւ բախտ նայողի հասցէ ըսաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment