Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով 21 Դեկտեմբերին պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն կը ժամանէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահ Հասան Ռոհանի, այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը։
Այցի ընթացքին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահը հանդիպումներ կ’ունենայ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:
ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ հայ-իրանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին նախատեսուած է շարք մը ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան խորացման ուղղուած փաստաթղթերու ստորագրման արարողութիւն:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռոհանի ԶԼՄ-ներու առջեւ հանդէս կու գան բանակցութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ յայտարարութիւններով:
Երեւանի մէջ, Հայաստանի եւ Իրանի նախագահները ներկայ կը գտնուին նաեւ Հայաստան-Իրան գործարար համաժողովին: