Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ս.Դ.Հ.Կ «Փարամազ» Մասնաճիւղի Դասախօսական Երեկոն «Մահմետականութիւնը եւ Տեռորիզմը»

Ս.Դ.Հ.Կ «Փարամազ» Մասնաճիւղի Դասախօսական Երեկոն «Մահմետականութիւնը եւ Տեռորիզմը»

by MassisPost

Բովանդակ աշխարհը յուզող հիմնական հարցերէն մին է միջազգային ահաբեկչութիւնը, որուն անմարդկային արարքները թափանցած ու աւերներ գործած են եւ տակաւին կը շարունակուին երկրագունդի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Այս առնչութեամբ Նոյեմբերի 18ին, 2016, Փասատինայի «Կարօ Սողանալեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը «Մահմետականութիւնը եւ տեռորիզմը» նիւթին շուրջ:

Ս.Դ.Հ.Կ. «Փարամազ» մասնաճիւղի ատենապետ Յակոբ Աճէմեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկաները նշեց օրուան նիւթին շահեկանութիւնը: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը` վաստկաաւոր մտաւորական, դասախօս եւ գիրքերու հեղինակ` իսլամագէտ Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանը:

Յարգելի բանախօսը սեղմ գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ իսլամական կրօնի հիմնադիր Մուհամմէտ մարգարէի եւ անոր հիմնած կրօնքի հաւատալիքներուն ու զայն հուրով ու սուրով տարածելու քաղաքականութեան մասին: Անդրադարռնալով Քուրանի բովանդակութեան` տուաւ կարգ մը յատկանշական մանրամասնութիւններ եւ ընդգծեց որ այդ գիրքին մէջ աւելի շատ տեղ տրուած է Աստուածաշունչի Հին Կտակարանին մէջ նշուած մարգարէներուն, քան թէ իսլամի հաւատալիքներուն մասին: Իսլամական կրօնքի տարածիչները եղան իր զօրավարներէն Խալէտ Պին Ուալիտը, Օմար Պըն էլ Աասը եւ Թարէք Պին Զիատը, որոնք 8րդ դարուն հասան մինչեւ Սպանիա: Իսկ Իրանի մէջ զրադաշտական կրօնը համատարած ըլլալով մէկ միլիոն հոգի ջարդեցին իսլամութիւնը պարտադրելու համար:  Հայաստանի մէջ իրենց դաւանանքը պարտադրելու դժուարութիւններ ունեցան գլխաւորաբար լեռնային եւ կլիմայական պայմաններու պատճառով եւ բաւարարուեցան միայն տուրքեր գանձելով: Հայաստանի դարպասներուն մօտ անոնք տուին 15 հազար զոհ:

Դոկտ. Յ. Ահմարանեան իսլամ ահաբեկչութեան պատմութիւնը պարզելէ ետք ըսաւ թէ մոլեռանդ ծայրայեղականները ահաւոր վնասներ հասցուցած են տարբեր երկիրներու մէջ: Առանձնապէս նշեց «Պօքօ Հարամ»ը (Նիճերիա), «Ալ Շապապ»ը (Սումալիա), «Թալիպան» եւ«Ալ Քայիտա» (Աֆղանիստան) «Տահէշ» – IS  (Իրաք եւ Սուրիա) եւ այլ կազմակերպութիւններ, որոնք տակաւին կը գործեն, հիմնելու համար իրենց երազած «Աշխարհատարած Իսլամական Պետութիւն»ը կամ «Խալիֆայութիւն»ը:

Տեղի ունեցաւ նմանապէս հարցազրոյց եւ յարգելի բանախօսը տուաւ հետաքրքրական պատասխաններ «Շարիա»ի օրինագիրքի քաղաքական հասարակական եւ կրօնական շատ մը օրէնքներու անհեթեթութեան եւ այլանդակութեան մասին…:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմնի փոխ ատենապետ Գաբրիէլ Մոլոյեան: Ան նշեց թէ արաբն ու իսլամները լրիւ հակառակ են ծայրայեղականներուն, որոնք կրօնքը կը շահագործեն յետին նպատակներ իրագործելու համար: Ներկայիս տասնեակ մը իսլամական երկիրներու մէջ տիրապետողն է համախոհութիւնը, հանդուրժողականութիւնն ու կայունութիւնը, որուն համար անզիջող պայքար պէտք է մղուի աշխարիհ բոլոր երկիրներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment