Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանը Հայերու Դէմ Ցեղապաշտական Ալիքի Աճի Վերաբերեալ Հարցեր Ուղղած է Թուրքիոյ Վարչապետին

Կարօ Փայլանը Հայերու Դէմ Ցեղապաշտական Ալիքի Աճի Վերաբերեալ Հարցեր Ուղղած է Թուրքիոյ Վարչապետին

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ռամկավարական կուսակցութիւնը երկրի ազգային փոքրամասնութիւններու եւ մասնաւորապէս հայերու նկատմամբ վերսկսած ցեղապաշտական գործողութիւններու հարցով հարցում ուղարկած է վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին գրառում կատարած է կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը` հարցնելով, թէ ինչպէս պիտի արգիլուի փոքրամասնութիւններու դէմ ուղղուած աճող ատելութեան խօսքը. «2016 թուականին Ստամբուլում կրթութիւն տուող հայկական դպրոցների պատերին ռասիստական գրութիւնների, փոքրամասնութիւններին պատկանող գերեզմանները թալանելու, «Ակօս» պարբերականի դիմաց սեւ պսակ թողնելով «Մի գիշեր յանկարծակի կարող ենք գալ» գրութիւն հրապարակող եւ սպառնացող անձանց դատարանում անմեղ ճանաչելու հարցերով վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին դիմում ներկայացրինք եւ հետեւեալ հարցերն ուղղեցինք.

1. Ձեր կառավարութիւնն ի՞նչ քայլեր է ձեռնարկում փոքրամասնութիւնների դէմ ուղղուած աճող եւ  անպատիժ մնացող ատելութեան յանցագործութիւններն արգելելու ուղղութեամբ:

2. Ձեր կառավարութիւնը յատուկ միջոցներ ձեռնարկո՞ւմ է սպառնալիքի տակ գտնուող փոքրամասնութիւնների կազմակերպութիւնների եւ կառոյցների անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով:

3. Ազգային հետախուզական ծառայութիւնը հետաքննութիւն իրականացնում է փոքրամասնութիւնների դէմ ատելութեան յանցագործութիւնների վերաբերեալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment