Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հակահայ Գրութիւններ Պոլսոյ Հայկական Վարժարաններու Պատերուն Վրայ

Հակահայ Գրութիւններ Պոլսոյ Հայկական Վարժարաններու Պատերուն Վրայ

by MassisPost

Հերթական անգամ հակահայ գրութիւններ կը յայտնուին Պոլսոյ հայկական վարժարաններու պատերուն: Այս մասին  կը գրէ «Ակօս»ը, որ նաեւ կը յայտնէ որ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի պատերուն հակահայ բնոյթի գրութիւններ յայտնուած են:

Ըստ աղբիւրին, ազգայնականները վարժարանի պատին գրած են. «Գիշեր մը անսպասելիօրէն Ղարաբաղի մէջ պիտի յայտնուինք»:

Կը նշուի նաեւ, որ այս ուսումնական տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր յիշեալ դէպքը հայկական դպրոցներու պատերուն ռասիստական բնոյթի գրութիւններով աշակերտութեան մէջ վախի մթնոլորտ ստեղծելու արդէն երրորդ դէպքն է:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ թուրք ազգայնականներ նմանատիպ գրութիւններով հանդէս եկած էին Պոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք եւ Քալֆայեան վարժարաններու պատերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment