Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԹԻ՝ Հայաստանի Մէջ կը Մեծնայ Իշխանութեան Հանդէպ Անվստահութիւնը Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Հարցով

ԹԻ՝ Հայաստանի Մէջ կը Մեծնայ Իշխանութեան Հանդէպ Անվստահութիւնը Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Հարցով

by MassisPost

Հայաստանի մէջ հետզհետէ կը մեծնայ իշխանութեան հանդէպ անվստահութիւնը՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի հարցով, եզրայանգած են «Թրանսփերենսի Ինթըրնեշնլի» փորձագէտները:

Հակակաշառակերութեան կեդրոնի երեք տարին անգամ մը հրապարակուող զեկոյցի համաձայն, Հայաստան հարցուածներու 65 տոկոսը կը կարծէ՝ իշխանութիւնը բաւարար ջանքեր չի գործադրէր կաշառակերութեան դէմ պայքարի համար։ Հարցուած հայաստանցիներու մեծամասնութիւնը թերահաւատօրէն կը մօտենայ նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարին քաղաքացիներու ունեցած դերին։ 63 տոկոսը կը կարծէ, որ շարքային քաղաքացին ոչինչ չի կրնար փոխել։

Հայաստանը առաջատար է նաեւ այլ ցուցանիշով մը․ 67 տոկոսը նշած է, որ չ′ահազանգէր կաշառակերութեան դէպքերու մասին։ 41 տոկոսն ըսած է, թէ մարդիկ կը վախնան հետեւանքներէն։ Յանցագործութեան մասին իմանալու ու չյայտնելու ցուցանիշով Հայաստանը կրկին առաջատարն է՝ 77 տոկոս։

Հայաստանի ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս, կը կարծէ, որ Հայաստանը յաջողութիւն գրանցած է կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ այդ պայքարը էական է Հայաստանի մէջ գործարար միջավայրը բարելաւելու համար:

«Կոռուպցիան կարող է բացասաբար ներգործել ցանկացած տնտեսութեան վրայ, կարող է քայքայել ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ սպառնալիք հանդիսանալ ազգային անվտանգութեանը»,- ըսաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ աւելցուց․ «Չնայած Հայաստանում առկայ իրական մարտահրաւէրներին՝ կոռուպցիայի դէմ պայքարում իրապէս դրական քայլեր ենք տեսել»:

Վարուժան Հոկտանեան ընդգծած է, որ զեկոյցը պատրաստուած է մինչեւ 2016-ի մայիսը, հետեւաբար սեպտեմբերէն գործող Կարէն Կարապետեանի կառավարութեան գնահատականը երեք տարի անց՝ յաջորդ զեկոյցին կ′ըլլայ։ Այնուամենայնիւ, ԹԻ Հայաստան ծրագրերու ղեկավարը կաշառակերութեան դէմ պայքարին դրական տեղաշարժ չէ նկատած:

«Կաշառակերութեան համաշխարհային ծանրաչափով 2016-ի Եւրոպա եւ միջին Ասիա» զեկոյցի համար հիմք հանդիսացած են Եւրոպայի եւ միջին Ասիոյ 42 երկրի մօտ 60 հազար քաղաքացիի հարցադրուած հարցումները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment