Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պարտադիր Վճարները 1000 Դրամով Աւելցնելու Ծրագիրը Բուռն Բանավէճեր Յարուցած է

Պարտադիր Վճարները 1000 Դրամով Աւելցնելու Ծրագիրը Բուռն Բանավէճեր Յարուցած է

by MassisPost

Ընդդիմադիր պատգամաւորները այսօր «ցինիզմ» եւ «մուրացկանութիւն» որակեցին քաղաքացիներէն ամսական 1000 դրամ առնելու իշխանութիւններու նախաձեռնութիւնը:

Նշենք, որ խորհրդարանը այսօր սկսաւ քննել պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառած վնասներու հատուցման մասին օրէնքի նախագիծը, ըստ որուն, իւրաքանչիւր աշխատող քաղաքացի վճարուող հարկերէն բացի այսուհետեւ պէտք է նաեւ իր աշխատավարձէն 1000 դրամ յատկացնէ յատուկ ստեղծուած հիմնադրամին: Կուտակուած գումարներէն 28 յունուար 2017-էն յետոյ ծագած միջադէպերու, մահուան կամ առաջին կարգի հաշմանդամութեան պարագային, զինծառայողներու ընտանիքները կը ստանան միանուագ 10 միլիոն, իսկ 2-րդ կարգի հաշմանդամ թարցածները՝ 5 միլիոն դրամ: Բացի այդ զինծառայողները կը ստանան ամսական վճարներ։

Ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Պոստանճեանը իշխանութեան այս քայլը որակեց մուրացկանութիւն, իսկ Հայ ազգային Քոնկրէս (ՀԱԿ) խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեանը՝ ցինիզմ:

Խորհրդարանին մէջ այսօր, ներկայացնելով օրէնքի նախագիծը, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպիլ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն եւ քննարկել օրինագիծի հետ կապուած մտահոգող հարցերը:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ ելեւմտացոյցի հաշուին չ′ըլլար այս քայլը, պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, թէ այս կը դիտուէր ժողովրդական քայլ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ։ Բացի անկէ ըստ նախարարին, ելեւմտացոյցը նման ծախսեր ընելու հնարաւորութիւն չունի:

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նաիրա Զօհրապեանը նախարարին հարցուց, թէ ուր գացած են նմանատիպ «Մարտիկ» հիմնադրամի գումարները, ինչպէս նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ պատգամաւորներու գերակշիռ մասի աշխատավարձերէն 1 տոկոսի չափով գանձուող գումարները: Սակայն պարզուեցաւ՝ Վիգէն Սարգսեանը տեղեակ չէ:

ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեան ընդգծեց, թէ այս օրինագիծով խտրականութիւն կը դրուի իրենց կեանքը մինչեւ 2017 հայրենիքի համար զոհած զինծառայողներու եւ 2017-էն յետոյ միջադէպերու զոհ թարցածներովն միջեւ:

Այս օրինագիծը չի վերաբերիր այն զինծառայողներուն, որոնք սպաննուած են ծառայակիցներու կողմէ: ԲՀԿ պատգամաւոր Էլինար Վարդանեանը այս աններելի համարեց՝ ընդգծելով, որ բանակ ուղարկող զինուորի ծնողի համար էական չէ, թէ իր երեխան որու կողմէ սպաննուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment