Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ՝ Ատրպէյճանը Պիտի Վերադարձնէ իր Տարածքներն Այնպէս, Ինչպէս Վերադարձուց Լելէ Թեփէն

Ալիեւ՝ Ատրպէյճանը Պիտի Վերադարձնէ իր Տարածքներն Այնպէս, Ինչպէս Վերադարձուց Լելէ Թեփէն

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն հայկական կողմին կրկին կը սպառնայ նոր պատերազմով։ Շաբաթավերջին Ֆիզուլիի շրջան կատարած իր այցի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շարք մը ելոյթներ ունեցած է նախ զինուորականներու հետ հանդիպման, ապա՝ Ֆիզուլիի բնակիչներու եւ ամէն անգամ շեշտած, որ «Ատրպէյճանը վերադարձնելու է իր տարածքներն այնպէս, ինչպէս վերադարձրեց Լելէ Թեփէն»։

«Եթէ հայերը եզրայանգումներ չ′անեն ապրիլեան մարտերից, ապա իրենց սպասում են բազմաթիւ շատ յաջող գործողութիւններ՝ Լելէ Թեփէի օրինակով»,- հպարտացած է Ատրպէյճանի նախագահը ։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ, նոյն օրը, երբ Ատրպէյճան մեկնարկած է լայնածաւալ զօրավարժութիւններու առաջին փուլը, նախագահ Ալիեւը մեկնած է Ֆիզուլիի շրջանի առաջնագիծ՝ գործնական իրադրութեան ծանօթանալու նպատակով։

Նոյն ժամերուն ղարաբաղեան կողմը հաղորդած էր ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հրադադարի խախտումներու մասին։

Քառօրեայ պատերազմի ժամանակ ատրպէյճանական զինուժի կողմէն գրաւուած Լելէ Թեփէ կատարած իր այցի ժամանակ, զինուորականներու հետ հանդիպման, Ալիեւը յայտարարած է, թէ ապագային Ատրպէյճանը մտադիր է արտադրել, ինչպէս նաեւ ներկրել այնքան զէնք-զինամթերք, որքան անհրաժեշտ է։

«Եւ թող Հայաստանի ղեկավարութիւնը յոյսը չդնի ինչ-որ մէկի ուժի վրայ, եթէ ուզում են հարցի խաղաղ կարգաւորում՝ առանց զոհերի, ապա թող լքեն մեր հողերը, մենք էլ չենք ուզում պատերազմել, ընդամէնը ցանկանում ենք վերադարձնել մեր տարածքները։ Մեր ներկայութիւնը Լելէ Թեփէում վկայում է, որ այդ օրը մօտ է»,- ատրպէյճանական ԱՊԱ լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment