Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փոխանցումներու Անկում եւ Դրամի Արտահոսք

Փոխանցումներու Անկում եւ Դրամի Արտահոսք

by MassisPost

Այս տարի Հայաստան ուղարկուած մասնաւոր փոխանցումներու ծաւալը նուազագոյնն է վերջին տասը տարուան ընթացքին:

Կեդրոնական դրամատան տուեալներով, տարուան առաջին ինը ամիսներուն ֆիզիքական անձանց արտերկրէն փոխանցած են 1 միլիարդ 61 միլիոն տոլար:

Անցեալ տասը տարիներու կտրուածքով՝ այս տարուան ցուցանիշին մօտ է 2010-ինը, երբ առաջին ինը ամիսներուն ուղարկուած էր 1 միլիարդ 101 միլիոն տոլար, սակայն 2010-ին նախորդած էր 2009 միջազգային ֆինանսատնտեսական ճգնաժամը:

Հայաստան մասնաւոր փոխանցումներու աւելի քան 60 տոկոսը կ′ուղարկուի Ռուսաստանէն, ըստ որուն՝ անոնց ծաւալները նախորդ տարիներուն շարունակաբար կրճատուած են՝ այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն կազմելով 639.5 միլիոն տոլար:

Տնտեսագէտ Վահագն Խաչատրեանի խօսքով, Հայաստանի համար փոխանցումները արտարժոյթի թիւ մէկ աղբիւրն են, եւ նման կրճատումը զգալի բացասական ազդեցութիւն կը թողէ մեր երկրի տնտեսութեան վրայ:

Այսպիսի պայմաններու մէջ Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը մտադիր է գալ տարի աւելի մեծ տնտեսական աճ ապահովել, քան անցեալ տարի էր: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, 2015-ը Հայաստանը փակեց 3 տոկոս տնտեսական աճով: Վահագն Խաչատրեանը կասկած յայտնեց, որ փոխանցումներու նման անկման եւ երկրին մէջ առկայ տնտեսական ծանր իրավիճակի պայմաններով իշխանութիւնները կը յաջողին գալ տարի ապահովել ծրագրուած տնտեսական աճը:

Դրամի Արտահոսքը Հայաստանէն Աճած է

Կեդրոնական դրամատան տուեալներով, ոչ միայն կրճատուած են փոխանցումները, այլեւ աճած է դրամի արտահոսքը Հայաստանէն:

2016-ի առաջին ինը ամիսներուն ֆիզիքական անձինք երկրէն հանած են 565 միլիոն տոլար, անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին դուրս փոխանցած էին՝ 535.5 միլիոն:

Վահագն Խաչատրեանի համոզմամբ, այս կը նշանակէ, որ մարդիկ պարզապէս չեն վստահիր բարեփոխումներ իրականացնելու՝ իշխանութիւններու հերթական խոստման եւ ծրագրեր չեն կապէր հայաստանեան տնտեսութեան հետ:

«Հեռանկար չեն տեսնում, եւ այն գումարները, որ կան այստեղ, խնայողութիւններ, գոնէ, չեն դառնում եւ խնայողութիւնների ձեւով չեն մտնում պանքային համակարգ աւանդներ դառնալու, կամ չեն դառնում ակտիւ կապիտալ տնտեսութեան մէջ գործելու համար»,- կ′ըսէ տնտեսագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment