Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Միութիւնը Խիստ Յայտարարութեամբ մը «Ծայրայեղ Մտահոգիչ» Որակած Է էրտողանի Քայլերը

Եւրոպական Միութիւնը Խիստ Յայտարարութեամբ մը «Ծայրայեղ Մտահոգիչ» Որակած Է էրտողանի Քայլերը

by MassisPost

Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքերը այսօր անձամբ զգուշացուցած է Թուրքիոյ՝ եթէ  Պրուքսելը հրաժարի այդ երկրի քաղաքացիներուն ազատականացուած համակարգով վիզաներու տրամադրումէն, անոր համար պատասխանատու պիտի ըլլայ միայն ու միայն Էրտողանի վարչակազմը:

Աւելի  շուտ  պաշտօնական Պրուքսելը հանդէս եկած էր նոր ու նախորդներէն առաւել խիստ  յայտարարութեամբ մը՝ «ծայրայեղ մտահոգիչ» որակելով էրտողանի քայլերը ընդդիմադիրներու հանդէպ:

Յուլիսեան  յեղաշրջման փորձէն  յետոյ Թուրքիոյ իշխանութիւնները  արդէն 110 հազար մարդ ազատազարկած  կամ պաշտօնանկ  ըրած են: Անցեալ շաբաթավերջէն  ալ ճաղերու  ետեւ յայտնուած  են խորհրդարանի մեծութեամբ երկրորդ ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդներն ու մէկ տասնեակէ  աւելի պատգամաւորներ՝ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան աջակցելու մեղադրանքով: «Կոչ ենք անում Անգարային վերսկսել բանակցութիւններն ընդդիմախօսների հետ, երաշխաւորել խորհրդարանական ժողովրդավարութիւնը, այդ թուում՝  յարգանքը մարդու իրաւունքների, օրէնքի գերիշխանութեան, հիմնարար ազատութիւնների նկատմամբ»,-  յայտարարած է Եւրամիութեան արտգործնախարար Ֆետերիքա Մոկերինին:

Պաշտօնական Պեռլինն ալ յայտարարած է, թէ պատրաստ է ապաստան տալ Էրտողանի վարչակազմի կողմէ  հետապնդուող ընդդիմադիրներուն: «Թուրքիայի բոլոր այլախոհները պէտք է իմանան, որ Գերմանիայի Դաշնութիւնը համերաշխ է նրանց հետ: Եւ այն, ինչ հիմա կատարուում է Թուրքիայում, որեւէ կապ չունի եւրոպական արժէքների, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան ու մամուլի ազատութեան հետ»,- Die Welt պարբերականին ըսած է ԳԴՀ արտգործնախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Մայքլ Ռոտը:

Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Գաուկն այսօր Պեռլինի մէջ ընդունեց  Գերմանիա ապաստանած թուրք այլախոհներէն  մէկուն՝ «Ճումհուրիյէթ» թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ճան Տունտարին: Առաջատար լրագրողը, որ շարք մը միջազգային մրցանակներ ու դափնեկիր է, հայրենիք վերադառնալու պարագային կրնայ յայտնուիլ ճաղերու ետեւ: էրտողան անցեալ տարի դատի տուած է անոր յօդուածի մը համար, ըստ որուն, Թուրքիան կը միջատէ սուրիական ճգնաժամին  եւ զէնք  կը մատակարարէ նախագահ Ասատի դէմ կռուող զինեալներուն:

Ի պատասխան, պաշտօնական Անգարան այսօր հրապարակաւ մեղադրած է Եւրամիութեան առաջատար երկրին՝«ահաբեկիչներին սատարելու համար»: «Գերմանիան Թուրքիայի դէմ ահաբեկչութիւնները հովանաւորող թիւ մէկ երկիրն է»,- յայտարարած է արտգործնախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն: Վերջինս նաեւ տեղեկացուցած է․ Թուրքիան դիմած է Գերմանիոյ՝ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան մօտ 4 հազար անդամներու արտայանձնելու խնդրանքով, սակայն,  անոնցմէ որեւէ մէկը դեռ չէ արտայանձնուած:

«Տարիներ ի վեր արեւմտեան առաջնորդները ներողամիտ են եղել Էրտողանի հանդէպ, հաշուի առնելով հանգամանքը, որ Անգարան ՆԱՏՕ-ի անդամ է, հնարաւոր պատուար՝ ռուսական ակրեսիայի դէմ ու առանցքային գործընկեր՝ Մերձաւոր Արեւելքից փախստականների հոսքը Եւրոպա կանգնեցնելու հարցում»,- այսօր գրած է Wall Street Journal-ը, ընդգծելով՝ «այդ ներողամտութիւնը, սակայն, պէտք է չափ ու սահման ունենա յ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment