Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ֆրանսայի «ՆԱԶԱՐԲԷԿ» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 28, 2016-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ 2002-2006 թուականներուն Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Կյունիի «ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՄԻ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՈԳԻ» գիրքի շնորահանդէսը: Պարոն դեսպանն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան եւ մշակոյթին, արտայայտեց իր յարգանքն ու կապուածութիւնն Հայաստանի հանդէպ, որ խթան հանդիսացաւ գիրքի հրատարակութեան: Խօսելով Ապրիլեան պատերազմի մասին’ դեսպան Կյունիին նկատեց որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, ըլլալով բռնապետական եւ ընտրուած չըլլալով այդ երկրի քաղաքացիներու կողմէ, անէն ինչ պիտի ընէ սահմանային լարուածութիւնը պահելու համար:
Ըստ Դեսպանին, միայն ռազմական գործողութիւնները կրնան երկարացնել Ատրպէյճանի բոնապետին իշխանութիւնը: Շնորահանդէսին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՍԴՀԿ Հայաստանի Վարչութեան Ատենապետ Ընկեր Նարեկ Գալստեանը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Դեսպան Կյունիին իր նախաձեռնութեան եւ հեղինակած գիրքի համար, ինչպէս նաեւ կարեւորեց հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններուն վերջինիս ունեցած ներդրումը: Նարեկ Գալստեանը խօսեցաւ նաեւ միջոցառման կազմակերպիչ «ՆԱԶԱՐԲԷԿ» երիտասարդական միութեան մասին, որ Ապրիլեան պատերազմին գործունեայ մասնակցութիւն ունեցաւ բանակին անհրաժեշտ որոշ ապրանքատեսակներու նուիրատուութեամբ: ՍԴՀԿ Ատենապետը նշեց, որ ռազմական գործողութիւնները դեր չաւարտուած’ «ՆԱԶԱՐԲԷԿ»ի երիտասարդներն արդէն Արցախ էին: Հուսկ’ Նարեկ Գալստեանը ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութեան կողմէ պարգեւատրեց երիտասարդական միութիւնը «ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏ» շքանշանով: