Նարէ Մկրտչեանի «Տան Միւս Կողմը» (The Other Side of Home) վաւերագրական ֆիլմը ընդգրկուած է «Օսկար»-ի «Լաւագոյն վաւերագրական կարճատեւ ֆիլմ» անուանակարգի սեղմ ցուցակին մէջ` (շորթլիսթ): Ֆիլմը, հեղինակաւոր մրցանակի համար, կը պայքարի 9 այլ կարճատեւ ֆիլմերու հետ:
«Տան միւս կողմը» վաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ Թուրքիոյ քաղաքացի կնոջ մը մասին, որ 2015 թուականին կը պարզէ, որ իր մեծ մայրը ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն մէկն է, եւ կ′որոշէ մեկնիլ Հայաստան՝ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն: Անոր ներսը միշտ կը պայքարին Ցեղասպանութիւն վերապրածն ու Ցեղասպանութիւն ժխտողը:
Երեւան ծնած բեմադրիչ Նարէ Մկրտչեանը Լոս Անճելըս տեղափոխուած է 15 տարի առաջ: Սորվելով համաշխարհային շարժապատկերի ներկայացուցչական դպրոցներէն մէկուն մէջ՝ USC School of Cinematic Arts հանրայայտ շարժապատկերի դարբնոցին մէջ, Մկրտչեան այս տարիներու ընթացքին նկարահանած է աւելի քան 60 կարճատեւ ֆիլմ:
Ամերիկեան շարժապատկերի ճեմարանի 89-րդ մրցանակաբաշխութիւնը կը կայանայ 26 Փետրուար, 2017-ին: