Սպանիոյ Մալագա քաղաքի խորհուրդը միաձայն ընդունեց այն յայտարարութիւնը, որով պաշտօնապէս կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ընդունուած յայտարարութեամբ նախորդ դարասկզբին տեղի ունեցածը կը բնորոշուի, որպէս յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ, որուն հետեւանքով ձեւաւորուեցաւ հայկական մեծ սփիւռքը:
Մալագայի քաղաքային խորհուրդը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ աշխարհասփիւռ հայութեան, միաժամանակ նշելով, որ մօտակայ ժամանակահատուածին քաղաքապետարանը Մալագայի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ կը տեղադրէ հայկական խաչքար՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: